2015-01-08 10:19:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթը ''աղօթենք Փարիզին համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 8 յունուար 2015-ի առաւօտեան մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, վերյիշեց Փարիզի ահաբեկչական արարքին զոհերը ըսելով. ''Փարիզի մէջ պատահած երեկուայ ահաբեկչական արարքը մեզ կը յիշեցնէ վայրագութիւնը, մարդկային վայրագութիւն։ Ահաբեկչութիւնը ըլլայ կղզիացած ահաբեկչութիւն ըլլայ պետական ահաբեկչութիւնը։ Վայրագութիւնը որուն ի վիճակի է մարդը։ Այս սուրբ զոհին ընթացքին աղօթենք այս վայրագոպւթեան բոլոր զոհերուն համար ու վայրագներուն համար խնդրենք որ Տէրը բոխէ անոնց սիրտը ։
Սրբազան Հայրը ապա թուիթ մը հրատարակեց որուն մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթել Փարիզին համար` #PrayersForParis (Աղօթքներ Փարիզի համար)








All the contents on this site are copyrighted ©.