2015-01-08 14:02:01

''Միջկրօնական երկխօսութիւնը կը մնայ միակ ճանապարհը միասնաբար դիմագրաւելու նախապաշարումները''։


(Ռատիօ Վատիկան) 6-8 Յունուար 2015, Ֆրանսայի մէջ քրիստոնեայ - իսլամ երկխօսութեան ի նպաստ` Իմամներու յանձնառու պատուիրակութիւն մը, ժամանած է Վատիկան ուր հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ու Վատիկանի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ։
Ի լուր Փարիզի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքին, Ֆրանսացի իմամները Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանի հետ միասին, միացեալ յայտարարութիւն մը հրատարակած են դատապարտելով` ''Շարլի Հէպտօ'' պարբերաթերթին խմբագրութեան դէմ գործուած արարքը ու հրաւիրելով հաւատացեալները, բարեկամութեան ու աղօթքի միջոցաւ զոհերու ու անոնց ընտանիքներուն ցուցաբերելու մարդկային ու հոգեւոր զօրակցութիւն։
Յայտարարութեան մէջ ապա ընդգծուած է խղճի եւ արտայայտութեան ազատութեան կարեւորութիւնը։ Իմամներն ու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը վերակոչելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին դատապարտական խօսքերը, կոչ կ՛ուղղեն բոլոր կրօնապետերուն զարգացնելու ''խաղաղութեան եւ յոյսի մշակոյթ մը'' կարող յաղթահարելու վախը ու մարդոց միջեւ կերտելու կամուրջներ։ Անոնք ապա կը հրաւիրեն լրատուական միջոցները յարգանք վերապահելու կրօններուն ու անոնց աւանդութիւններուն։
''Միջկրօնական երկխօսութիւնը կը մնայ միակ ճանապարհը միասնաբար դիմագրաւելու նախապաշարումները'' կը գրեն Ֆրանսայի իմամները ու Կարդինալ Թոռանը իրենց միասնական յայտարարութեան աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.