2015-01-08 14:16:48

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Գրչագիրներու Աշխատանքի Պայմանները


(Ռատիօ Վատիկան) Հ. Արիստակէս Վարդանեան 1924ին հրատարակած է հատորիկ մը հետեւեալ խորագրով՝ «Հայ Գրչագիրները ի՞նչ պայմաններու Տակ կ’ընդօրինակէին Հայ Ձեռագիրները»։ Հեղինակը հոն կը գրէ։ «Իսկական մարտիրոսագրութիւններ են հայ ձեռագիրներու յիշատակարանները, ուր պատերազմներու, մահերու, աւերներու, աւարներու, կեղեքումներու, հարկապահանջութիւններու, տեղահանութիւններու, սովերու, սրածութիւններու, մարախներու, երկրաշարժներու եւ հեղեղներու գերազանցները կը պատկերացնեն միշտ գրչագիրներն իրենց ապագայ ընթերցողներուն. ուր որ խստապահանջ ընթերցողը կրնայ լաւագոյն արտադրութիւններ պահանջել ամէն դիւրութենէ եւ ապահովութենէ զրկուած աստանդական գրչագիրներէն։ Իրենց այս անտանելի կացութիւնը ապագային մատնանշելու համար կը հնարեն կտրուկ բանաձեւեր ու կը կցեն անմիջապէս համառօտ կամ ընդարձակ դէպքեր ցնցիչ աղէտներու, որոնք կը հասնին միշտ վասն ծովացեալ մեղաց մերոց։»
Այսպիսի բանաձեւեր են՝
«Գրեցաւ ի դառն եւ ի նեղ ժամանակի։»
«Ի դառն եւ ի յանհանգիստ ժամանակիս։»
«Ի դառն եւ ի նուրբ ժամանակի։»
«Ի դառն եւ ի վշտալից ժամանակի։»
«Ի տարտարոս եւ ի դառն եւ ի վշտալից ժամանակիս։»
«Ի խիստ դառն եւ անբարի ժամանակի։»
«Ի նեղ եւ ի դժնդակ ի դժնաբեր եւ խաւարամած ժամանակի։»

Հ. Վարդանեանի խօսքերով՝
«Ժամանակներու որպիսութիւնը ցոյց տալու համար ընտրուած ու իրապէս զգացուած դժխեմ այս ածականները բաւականէն աւելի պերճախօս են պատմելու գրչագիրներու տոկուն կամքը ալէծուփ աստանդականութեան մէջ դե՛ռ շարունակելու իրենց արուեստը՝ զրկուած հայրենի երդիքէն, կարեւոր պիտոյքներէն, աղքատութեան ճնշիչ ուժին տակ։ Ու զարմանալի է եթէ ահարկու այս պայմաններու տակ խեղճ գրչագիրներու գրիչները սայթաքին ստէպ ու բնագիրներ աղաւաղուին։ Շարունակական տեղափոխութիւնն ու պանդխտութիւնը առաւելապէս կը նեղէ տարաշխարհ հալածական գրչի հերոս մարտիկները։»

Այդ պանդուխտ գրիչներու յիշատակարաններուն մէջ կը կարդանք՝
«Անմեղադիր եղէք գրութեանս սխալներուն եւ անարհեստութեան, որովհետեւ չունենալով հանգիստ, ասդին անդին շրջելով եւ փախստական ըլլալով աւարտեցի։»32
«Մի մեղադրէք զիս սխալներու եւ կամ այլ պատճառներու համար, որովհետեւ բնակարան չունէի եւ տեղէ տեղ կը դեգերէի։»
«Չունէինք խաղաղութիւն, մաս մը այս քաղաքին մէջ գրելով, մաս մը ուրիշ քաղաքի մէջ գրելով ու շրջագայելով աւարտեցի։»
«Հոս ու հոն փախստական ըլլալով գաղտագողի շրջելով գրեցի։»
«Ղարիպութեան մէջ չունիմ ծանօթ եւ օգնական եւ կամ մխիթարիչ։»
«Ո՜հ, ո՜հ ղարիպի հալը. որքան դառն է եւ լեղի ղարիպի հալը. Քրիստոսի խօսքին կը հետեւինք, որ կ’ըսէ՝ դէպի Եգիպտոս, օտար երկիր պանդխտեցայ. Կ’աղաչենք Քրիստոսի որ ղարիպը չմոռնայ։ Ղարիպին դատաստանը թող Աստուած ընէ։»

Գրչութեան դժուարին պայմաններու շարքին կը միանայ գրչութեան նիւթի չգոյութիւն կամ դժուարին հայթաթելիութիւն կամ յարմար վայրի չգոյութիւն, ինչպէս կը կարդանք՝
«Ո՜հ, թանաքս թանձրացած է։»
«Նիւթը պակաս է, թանաքս վատ իսկ իմ սպառածս ոչինչ՝ միայն ցամաք հաց։»
«Այս գիրքը գրուեցաւ աղքատ նիւթով եւ խոշոր գրութեամբ։»
«Կոտրած գիրչով գրուեցաւ։» (Գրչածայրի կէսով)
«Այս արուեստին պատշաճ պիտոյքը կը պակսէր։»
«Մի մեղադրէք ախմարութիւնս, որովհետեւ փափաքը ունէի բայց դրամ՝ ոչ։ Եղբայրներէն խնդրեցի թուղթ եւ թանաք եւ գրիչ եւ ուրիշ բաներ։»
«Մի մեղադրէք։ Այստեղ գեղեցիկ գրել եւ ծաղկել դժուար էր։ Մագաղաթ չէր գտնուէր։ Ասոր համար տեղ տեղ պատիւով (կրճատուած) գրեցի։»
«Գրութեանս խոշորութեան համար ներեցէք ինծի որովհետեւ անպատշաճ ժամու եւ ծունկերուս վրայ գրուեցաւ։»







All the contents on this site are copyrighted ©.