2015-01-08 11:07:12

Կարդինալ Փարոլինի ցաւակցական հեռագիրը յանուն Սրբազան Քահանայապետին, Փարիզի առաջնորդ Կարդինալ Վէն Թրուային։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 8 Յունուար 2015-ին, ի լուր Փարիզի `''Շարլի Էպտօ'' շաբաթաթերթին դէմ գործուած ահաբեկչական արարքին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Փարիզի առաջնորդ` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուային, ։
Հեռագիրին մէջ Կարդինալ Փարոլինը կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ցաւը ու անոր աղօթքի միութիւնը զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հետ միանալով եւ համայն Ֆրանսացիներու տխրութեան։ Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ անհուն նախախնամութեան կը յանձնէ մեռեալներու հոգիները, Անորմէ խնդրելով զիրենք ընդունիլ իր Լոյսին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ նաեւ վիրաւորեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն, Տիրոջմէ հայցելով անոնց համար մխիթարութիւն եւ սփոփանք։
Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս կը դատապարտէ բռնութիւնը որ տառապանք կը յառաջացնէ եւ Աստուծմէ կը խնդրէ խաղաղութեան պարգեւը եւ արարքի զոհ բոլոր ընտանիքներուն ու Ֆրանսացիներուն վրայ կը հայցէ Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.