2015-01-08 13:00:14

''Բանականութիւնը բաւարար չէ, Սէրն է սկզբնական ուղին զԱստուած Ճանչնալու համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 8 յունուար 2015-ին, ծննդեան ու ամանորի տօներու առթիւ հակիրճ դադարէ ետք, դարձեալ կարելի դարձաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաւօտեան մատուցած սուրբ Պատարագներու հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։
Արդարեւ այսօր` 8 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ ''Սէրը միակ ուղին է Աստուած Ճանչնալու համար'' մատնանշելով թէ Քրիստոնեայի Սէրը կ՛արտայայտուի գործնականին մէջ եւ ոչ թէ լոկ՝ խօսքերով։
Աստուած Ճանչնալու համար ըսաւ Սրբազան Հայրը բաւարար չէ բանականութիւնը այլ հարկ է սէրը, որովհետեւ Աստուած Սէր է , եւ Հասնելու համար Անոր պէտք է յարգել եւ սիրել ընկերը։ Գործնական իրադարձութիւններով ինչպէս եղաւ օրինակը Աստուծոյ Որդիին որ մարդեղացաւ եւ յայտնուեցաւ՝ մարդկութիւնը փրկելու համար։
Ով որ կը սիրէ կը ճանչնայ զԱստուած, ով որ չի սիրեր չէ Ճանչցած Աստուած։ ։ Աստուծոյ սէրը մեզի կ՝ընդառաջէ եւ մեզի կը սպասէ, Ան մեզի անակնկալի կը մատնէ։
Աստուած մեր Հայրն է Ան պատրաստ է մեզ ներելու 70 անգամ 70։ Թող Տէրը՝ այս օրերուս, մեզի առիթ ընծայէ մտածելու Աստուածայայտնութեան մասին եւ թող շնորհքը տայ Զինքը ճանչնալու Սիրոյ ուղիով – եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.