2015-01-08 09:05:47

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է Փարիզի ահաբեկչական արարքը։


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 7 Յունուարին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտած է նոյն օրը Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը:
«Խստօրէն դատապարտում ենք Յունուարի 7ին Փարիզում «Charlie Hebdo» պարբերականի խմբագրութիւնում իրականացուած ահաբեկչութիւնը, որի հետեւանքով բազմաթիւ մարդկային զոհեր կան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան «ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն» յայտնած է բարեկամ Ֆրանսայի ժողովուրդին՝ նշելով, որ «ծայրայեղականների նման զարհուրելի գործողութիւնները որեւիցէ արդարացում չունեն եւ եւս մէկ անգամ ցոյց են տալիս ահաբեկչութեան դէմ պայքարում միջազգային հանրութեան ջանքերի առաւել համախմբման անհրաժեշտութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.