Home Archivio
2015-01-07 10:57:47
Ֆրանսացի Իմամներու պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Վատիկան։
(Ռատիօ Վատիկան)
6-8 Յունուար, Ֆրանսայի մէջ քրիստոնեայ - իսլամ երկխօսութեան ի նպաստ` Իմամներու յանձնառու պատուիրակութիւն մը, կը ժամանէ Վատիկան։
Պատուիրակութեան կ՛ընկերանայ Ֆրանսայի մէջ Evry-Corbeil-Essonnes թեմի եպիսկոպոս եւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի միջ կրօնական յարաբերութեան խորհուրդի նախագահ` Գերապայծառ Միշէլ Տուպոշդ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ մահմետականներու հետ յարաբերութեան ազգային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէն` Քրիսթոֆ Ռուքույի։
Չորեքշաբթի, 7 յունուարին Իմամներու պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։
All the contents on this site are copyrighted ©.