2015-01-07 11:03:07

Քրիստոնէութիւնը մեծ աճում կարձանագրէ Չինաստանին մէջ:


''Յիսուսի ս. Ծնունդին օրը աւելի քան երեք հազար հոգիներ կնքուած են միմիայն Փեքին մայրաքաղաքին մէջ''

(Ռատիօ Վատիկան) ''Համայնավար վարչութենէն վերապահ չինացին իր ակնարկը կ%ուղղէ դէպի քրիստոնէական հաւատքը (կաթողիկէ թէ բողոքական)'', կը տեղեկագրէ "AsiaNews" լրատու գործակալութիւնը նշելով թէ 2014-ի Յիսուսի ս. Ծննդեան առթիւ` աւելի քան երեք հազար հոգիներ կնքուած են միմիայն Փեքին մայրաքաղաքին մէջ։
Չինաստանի եկեղեցին մշտատեւ աճում կ՛արձանագրէ։ Ներկայիս քրիստոնեաները աւելի քան 100 միլիոն են։ Անաստուածութիւնը կը մնայ գերակշիռ եւ վարչաձեւը մօտէն կը հսկէ քրիստոնեաներուն քաղաքականութեան ու ընկերութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան հետեւանքներուն։ Շատ մը քաղաքներու մէջ եւ մասնաւորապէս ''Zhejiang'' մարզի ծովեզերեայ ''Wenzhou'' քաղաքի իշխանութիւնները, արգիլած են դպրոցներուն մէջ տօնախմբել Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնը , հակառակ որ աշխարհի Ծննդեան զարդարանքներու 60 տոկոսը կ՛արտադրուին ''Zhejiang'' մարզին մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.