2015-01-07 11:18:04

''Յանուն մեր Նահատակներուն'' Ոսկան Մխիթարեանի կոչը։


Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, կոչ կ'ուղղեմ համայն սփիւռքահայութեան, մասնաւորապէս Լոս Անճէլըսի, Փարիզի, Պուէնոս Այրէսի եւ Մոսկուայի հայութեան, եւ ինչու չէ նաեւ բոլոր այն գաղութներուն, ուր կան այսօր ստուար հայկական համայնքներ, որպէսզի ԳԷԹ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ, մեր կուսակցական, յարանուանական, միութենական, ընկերային-հասարակական եւ անհատական բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները մէկդի թողած, փողոց ելլենք Ապրիլ 24, 2015-ին, հարիւր հազարով եւ պահանջատիրութեան անդրդուելի կամքով, քալենք խրոխտ եւ հպարտ, ցոյց տալու համար համայն մարդկութեան, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի քաղաքակիրթ կոչուած եւ անտարբեր հասարակութեան, որ մենք կանք եւ պիտի մնանք, այսօր, վաղը եւ միշտ, ու պիտի չդադրինք արդարօրէն պահանջելէ մեր խողխողուած անմեղ նահատակներուն անգերեզման, արիւնաթաթախ մարմիններուն կտակը՝ ճանաչում, հատուցում եւ վերահաստատում բոլոր ա՛յն իրաւունքներուն որոնք մերն էին հազարամեակներ, Օսմանեան թարախակալած կայսրութեան ժառանգորդ՝ Թուրք պետութենէն:
Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական ներոյժին մէջն է, որ պէտք է դրսեւորուի մեր նոր սերունդի միջոցաւ, սկսելով ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումէն:
Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը կարեւոր անկիւնադարձ մը եղաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան զարթօնքի տեսակէտէ: Սակայն այսօր 100-ամեակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն ճանաչողութեան աշխատանքի աշխուժացում, որ իր բարերար դերը կրնայ ունենալ, այլ՝ հատուցման իրաւական յստակ ծրագիրներու ձեւաւորում՝ պահանջելու եւ տիրանալու հազարամեայ մեր հողերուն, կալուածներուն, հոգեմտաւոր հարստութեանց ու կոթողներուն, եւ այն ամէն ինչի որ մեզի կը պատկանէր՝ արդա՛րօրէն մեր նախահայրերու աշխատանքով եւ քրտինքով վաստակուած:
Գէթ մէկ անգամ մեր տարակարծութիւնները մէկդի թողած՝ հաւաքական միահամուռ ճիգով եւ միասնականութեան բիւրեղ ոգիով յաջողցնենք այս քայլերթը, որպէսզի ի լուր աշխարհին հնչեցնենք հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը:
Վասն հաւատոյ...Վասն հայրենեաց...








All the contents on this site are copyrighted ©.