2015-01-06 12:09:49

''Յիսուս աշխարհ եկաւ փրկելու ոչ միայն մէկ ժողովուրդ այլ համայն մարդկութիւնը''.Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ` Ֆրանչիսկոս Պապին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի`6 յունուար 2015-ի կէսօրին Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ կատարած իր խորհրդածութեան մէջ, Սրբազան Հայրը ակնարկեց Աստուածայայտնութեան տօնին ու անոր իմաստին` խօսելով Մոգերու մասին որոնք ''Արեւելքէն եկան երկրպագելու Հրեաներու Թագաւորին''։ Իրենց այս պաշտամունքի վերաբերմունքով մոգերը կը վկայեն թէ Յիսուս աշխարհ եկաւ ոչ թէ միայն մէկ ազգ մը փրկելու համար, այլեւ համայն մարդկութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - հաստատելով թէ Յիսուս իր սէրը չի վերապահեր միայն մի քանի առանձնաշնորհեալներուն` այլ բոլորին։
Աստուածայայտնութեան այս օրուան առթիւ, մեր մտածումը կ՛երթայ Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, կաթողիկէ եւ օրթոտոքս, որոնցմէ շատերը այսօր կը տօնեն Յիսուսի ս. Ծնունդը։ Անոնց ալ կը փոխանցենք մեր սիրալիր մաղթանքները։
Կ՛ուզեմ ապա վերյիշել թէ այսօր կը նշուի ''մանկութեան առաքելութեան համաշխարհային օրը ''։ Տօնն է մանուկներուն որոնք ուրախութեամբ կ՛ապրին հաւատքի պարգեւը եւ կ՛աղօթեն որպէսզի Յիսուսի Լոյսը հասանելի ըլլայ աշխարհի համայն երախաներուն։ Կը քաջալերեմ դաստիարակները մանուկներուն մէջ զարգացնելու առաքելական հոգին որպէսզի անոնցմէ ծնին Աստուծոյ քնքշութեան վկաներ եւ Անոր Սիրոյն պատգամաբերներ։
Այժմ – ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան աւարտին – հայցենք Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու հովանին համայն եկեղեցւոյ վրայ, որպէսզի ամբողջ աշխարհին մէջ տարածէ Քրիստոսի Աւետարանը` Աշխարհի լոյսը եւ ժողովուրդներու Լոյս։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ''Կեցցէ Պեֆանան'' տողանցքի մասնակցող շեփորախումբերը եւ ֆոլքլորական ու աւանդական զգեստաւորումներով խումբերը։ Հուսկ հրաժեշտ առնելով ներկաներէն անոնց մաղթեց բարի կիրակի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.