2015-01-05 09:27:00

Կարդինալ Սանտրիի գնահատումով Միջին Արեւելքի ինքնութիւնը կախեալ է քրիստոնեաներէն, նեցուկ կենալ տեղւոյն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ‘’Միջին Արեւելքը պիտի չհամապատասխանէ պատմական իր իրականութեան եթէ զերծ մնայ քրիստոնեաներու ներկայութիւնէն ’’ հաստատած է կարդինալ Սանտրի կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով անցեալ 3 Յունուար 2015-ին։ Կարդինալը յարեց. ''ասիկա պատճառ մըն է ցնցելու միջազգային հասարակութիւնը դուրս գալու իր անտարբերութենէն եւ դադրեցնելու բռնութիւններն ու պատերազմը որոնք յեղաշրջած են շրջանի կարգ մը երկիրները, ինչպէս է պարագան Սուրիոյ եւ Իրաքին։ Քրիստոնեաներու ելքը Միջին Արեւելքէն կը շարունակուի, յատկապէս Սուրիայէն ու Իրաքէն։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անոնց ուղարկած նամակով կը գրէ ''կարելի չէ ընդունիլ Միջին Արեւելք մը առանց քրիստոնեաներուն'' վերյիշեց կարդինալ Սանտրին հարց տալով ''ի՞նչպէս նեցուկ կենալ տեղական քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որպէսզի անոնք չթողուն իրենց հողը'' ու խորհուրդ տուաւ ''նախ նեցուկ կանգնիլ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու կրօնաւորական միաբանութիւններուն''։ Կարդինալը համոզուած է, որ միջազգային հասարակութիւնը վճռական դեր մը կարող է կատարել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ելքի հոսքը կեցնելու` վերջ տալով բռնութիւններուն, ատելութեան, պատերազմին ու երաշխաւորելով բոլոր բնակիչներուն, անխտիր, կրօնական ազատութիւնը ու ապրելու իրաւունքը։
Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին կառավարիչի բաղձանքն ու աղօթքն է որ Միջին Արեւելքը չմնայ առանց քրիստոնեաներուն, առանց անոնց` Միջին Արեւելքը իր ինքնութիւնը կը կորսնցնէ եւ կը դառնայ այլ իրականութիւն մը - հաստատած է Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.