2015-01-05 09:16:28

Իսրայէլի նոր նախագահի հանդիպումը քրիստոնեայ կրօնապետերու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2014-ի ամավերջին` Իսրայէլի նոր նախագահը` Reuven Rivlin ընդունեց Իսրայէլի հողին վրայ ապրող բոլոր համայնքներու եկեղեցապետերը։ Յոյն օրթոտոքս պատրիարքը` գերերջանիկ Թէոֆիլ Գ այս առթիւ արտասանած իր ուղերձին մէջ խօսեցաւ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ միաժամանակ դատապարտեց բոլոր բռնութիւնները։ Պատրիարքի գնահատումով կերտելու համար ընկերութիւն մը հիմնուած խաղաղութեան, արդարութեան ու հաշտութեան վրայ հարկաւոր է երկխօսութիւն հաստատել ընկերութեան բոլոր տարրերուն հետ։ Երկխօսութիւնը կը թեթեւացնէ գոյացող լարուածութիւնը, արմատախիլ կ’ընէ նախապաշարումը ու կը զարգացնէ հասկացողութեան ոգին - ըսած է Պատրիարքը մինչ Նախագահ Ռիվլին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած հալածանքին մասին։ Միաստուածեան երեք կրօնները` Աբրահամի զաւակները, կանչուած են իրականացնելու Եսայի մարգարէին տեսութիւնը, ըստ որուն ժողովուրդ մը պիտի չբարձրացնէ սուրը այլ ժողովուրդի մը դէմ, եւ բնաւ պատերազմ պիտի չըլլայ։ Թող 2015ը ըլլայ բարեկամութեան ու համագործակցութեան տարի մը։ Ըլլայ տարի մը հասկացողութեան ու փոխադարձ յարգանքի մաղթանք յայտնած է իր խօսքին մէջ Իսրայէլի նոր նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.