2015-01-05 09:50:07

Արեւելքի Քրիստոնեաները Պաշտպան Ունի՞ն…


ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Աստուած չընէ, որ մարդ ուրիշի մը պաշտպանութեան կարիքն ունենայ:
Որքա՛ն փափուկ է անդրադառնալը Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցին, յատկապէս` ներկայիս:
Այս նիւթը միջազգային ուշադրութեան կ՛արժանանայ այն ատեն միայն, երբ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները գտնուին ծայրայեղ հալածանքներու եւ տեղահանութեանց անտանելի վիճակի մը մէջ, ինչպէս վերջերս պատահեցաւ, երբ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անմարդկային ոճիրները, գլխատումները, խաչհանումները, գնդակահարումները եւ տեղահանութիւնները հրապարակուեցան:
Ամերիկայի եւ դաշնակիցներուն կողմէ Իրաքի դէմ կազմակերպած արշաւանքին իբրեւ հետեւանք` Իրաքը բռնագրաւուեցաւ, եւ նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը կախաղան բարձրացուեցաւ, մինչ երկիրը հիմնայատակ քանդուեցաւ ու բաժան-բաժան եղաւ: Այս դժնդակ պայմաններուն մէջ քրիստոնեաները ենթարկուեցան նիւթական ու բարոյական անասելի նեղութեանց, հալածանքներու եւ արտագաղթի: Հոն մնացողները եւս անցնող տարուան ընթացքին բռնութեամբ տեղահանուեցան քրիստոնեաներէ բնակուած վայրերէն, երբ մերժեցին իսլամութիւնը ընդունիլ: Իրաքի քրիստոնեայ պետերը իրենց համայնքին համար արտաքին օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով բազմաթիւ դիմումներ կատարեցին` այցելելով «քրիստոնեայ» երկիրներու մայրաքաղաքները, Եւրոպա, Ամերիկա, Աւստրալիա եւ այլն:
Ֆրանչեսկոս պապը կոչ ուղղեց, որ դադրին քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները եւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերուի: Պապական նուիրակ եւ կարտինալներ այցելութիւններ տուին: Եկեղեցական արարողութիւններ ու թափօրներ կազմակերպեցին` քաջալերելով քրիստոնեաները, որ կարելի բոլոր միջոցներով չհեռանան իրենց պապենական հողերէն եւ քրիստոնէական բնօրրանէն: Եւրոպական կարգ մը քաղաքներու, յատկապէս Ֆրանսայի մէջ ցոյցեր կատարուեցան, եւ մարդասիրական օժանդակութիւն կազմակերպուեցաւ:
Ներկայիս Իրաքի քրիստոնեաներուն մէջ կան ոմանք, որոնք վճռած են հաւատարիմ մնալ իրենց հաւատքին եւ ապրիլ իրենց պապենական հողերուն վրայ: Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք կ՛ուզեն մեկնիլ, եթէ կարենան: Կ՛ըսուի, թէ երկու միլիոն քրիստոնեայ հաշուող քրիստոնեաներէն միայն 250,000 հոգի մնացեր է: Անշուշտ կարելի չէ ճշգրիտ թիւը տալ Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն, որոնց կացութիւնն ալ դժբախտաբար ողբերգական է:
Սուրիոյ քրիստոնէական համայնքները` հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ, յոյն ուղղափառներ եւ կաթողիկէներ` բոլորն ալ անցնող երեք տարիներուն ենթարկուեցան աւերածութեան, տեղահանութեան եւ տուին մարդկային մեծ կորուստներ: Յատկապէս վերջին ամիսներուն ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բռնագրաւուած քաղաքներուն մէջ մնացած քրիստոնեաները հարկադրուեցան կա՛մ բռնի կերպով իսլամանալու, եւ կա՛մ իրենց կեանքերը վտանգելով` հեռանալու իրենց բնակավայրերէն:
Այս պարագային եւս բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն հոգեւոր պետերն ու հաւատացեալները յուսացին, որ Եւրոպան եւ Ամերիկան պիտի բարեհաճին ճնշում բանեցնել Սուրիոյ կառավարութեան դէմ հակամարտող խմբակցութեանց ղեկավարութեանց վրայ, որպէսզի քրիստոնեաներով բնակուած վայրերուն մէջ ապրող խաղաղասէր ժողովուրդին խնայուի ռմբակոծումն ու քանդումը եկեղեցական, կրթական եւ մշակութային հաստատութեանց:
Բոլորս ալ գիտենք, որ սուրիական օրինաւոր իշխանութիւնները, անկախանալէն մինչեւ հիմա, եօթանասուն տարիէ ի վեր պաշտպանած են քրիստոնեաներուն իրաւունքները եւ ներկայիս ալ նոյնը կ՛ընեն հոն, ուր իրենք կը տիրապետեն:
Բարեբախտաբար վերջին երկու տասնամեակներուն Լիբանանին խնայուեցան միջհամայնքային բախումներ եւ ճակատագրական ցնցումներ: Դրականը այն է, որ քրիստոնէական համայնքներու հոգեւոր եւ քաղաքական պետերուն միջեւ գոյութիւն ունի փոխադարձ հասկացողութիւն, յարգանք, եթէ մէկ կողմ դնենք վերջերս տեղի ունեցող ՏԱՀԵՇ-ական ներթափանցումները Լիբանանի սահմանագլուխներուն վրայ:
Սեպտեմբերի վերջերուն Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը, որոնց մէջ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Օպամայի հետ ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցին Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած քաղաքական վտանգաւոր կացութիւնն ու հալածանքները, որոնց կ՛ենթարկուին բոլոր համայնքները, եւ խնդրեցին, որ հասկացողութիւն գոյանայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ, եւ օժանդակութիւն չտրուի այսպէս կոչուած չափաւոր ընդդիմադիր խմբակներուն, որպէսզի վերջնականապէս չանհետանայ Միջին Արեւելքի մէջ արդէն իսկ նօսրացած քրիստոնէութիւնը: Նախագահ Օպամա այդ մտահոգութիւնը փարատել փորձեց` յիշեցնելով, որ նախագահ Ասատի վարչակարգը կը պաշտպանէ զանոնք…
Կը թուի, թէ Արեւելքի քրիստոնեաներուն կրած նեղութիւններն ու հալածանքները ոչ միայն լրջօրէն չեն անհանգստացներ Արեւմուտքը ընդհանուր առմամբ, այլ կարծէք թէ անոնց Միջին Արեւելքի մէջ ներկայութիւնը այդքան ալ կարեւոր եւ մտահոգիչ հարց մը չէ իրենց համար` նկատի առնելով իրենց այժմու աշխարհաքաղաքական ծրագիրներուն իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Անցեալ երկու հարիւր տարիներուն Ռուսիա ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանը: Միւս կողմէ` Վատիկան, Ֆրանսա եւ Աւստրիա ճիգ ի գործ դրած են կարենալ Ռուսիոյ ըսելու, թէ իրենք ալ կը մտահոգուին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ճակատագիրով: Փաստ է, որ Ռուսիա պաշտպան կանգնած է առաւելաբար Միջին Արեւելքի յոյն ուղղափառներուն, իսկ Հռոմը, Ֆրանսան ու Աւստրիան` կաթողիկէ քրիստոնեաներուն:
Ներկայիս ալ կացութիւնը քիչ թէ շատ նոյնն է: Ռուսիան իր քաղաքական շահերուն համար սուրիական տագնապին սկիզբէն մինչեւ հիմա քաղաքական եւ զինուորական զօրակցութիւն տրամադրած է նախագահ Ասատի վարչակարգին: Ռուսիոյ կողմէ կատարուած պետական եւ եկեղեցական բարոյական ու մարդասիրական օգնութիւնը կը կատարուի յատկապէս յոյն ուղղափառ համայնքին, առաւել եւս Սուրիայէն գաղթողներուն կեցութեան եւ աշխատանքի իրաւունք կու տայ Ռուսիոյ մէջ ապաստան գտածներուն:
Ֆրանսայի կառավարութիւնը վերջին ամիսներուն հարկադրուեցաւ լսել եւ նկատի առնել Ֆրանսայի կաթողիկէ համայնքներուն բարձրացուցած ձայնը, երբ Իրաքի քրիստոնեաներու զօրակցութեան ցոյցեր կազմակերպուեցան յատկապէս Փարիզի եւ Լիոնի մէջ, ՏԱՀԵՇ-ի կատարած ոճրային բռնութեանց պատճառով համաձայն գտնուեցաւ վիզայի արտօնութիւն տալ Իրաքի եւ Սուրիոյ գաղթականներուն, եւ քանի մը տասնեակ ալ արտաքին գործոց նախարարը անձամբ դիմաւորեց օդակայանին մէջ:
Երանի թէ քրիստոնեաները հարկադրուած չըլլային Ռուսիան, Ֆրանսան, Եւրոպան եւ Ամերիկան օգնութեան կանչելու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Իցիւ թէ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքները օր ցերեկով չխօսէին քրիստոնեայ իսլամ տարբերութեանց, պայքարներու, առճակատման կամ օժանդակութեան մասին:
Իրականութիւնը այն է, որ կարգ մը այսպէս կոչուած իսլամներ մտադրած են քրիստոնեաներուն գոյութիւնը ջնջել Միջին Արեւելքէն:
Միւս կողմէ` կան քրիստոնեաներ, որոնք իրենք զիրենք տէր ու տիրական կը նկատեն իրենց ապրած պապենական երկիրներուն եւ կը մերժեն հեռանալ:
Ափսոս, որ անցեալին ու ներկայիս Արեւմուտքի քրիստոնէական մշակոյթ ու նկարագիր ունենալու իրողութիւնը պատճառ եղած է, որ դուրսէն իրարու դէմ հրահրուին քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքները, մասնաւորաբար 11 սեպտեմբեր 2001-ի տխրահռչակ ահաբեկչական արարքէն ետք կատարուած արշաւանքներով` դէպի Աֆղանիստան, Իրաք (եւ վերջերս ալ քիչ թէ շատ Սուրիա):
Եթէ փորձենք պատասխանել այն հարցումին, թէ որո՞նք են Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանները, կամ թէ արդեօք «պաշտպաններ» կա՞ն, կու գանք այն եզրակացութեան, որ կարգ մը քաղաքական եւ կրօնական մեկնաբաններու համաձայն, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հարցի առկայութիւնը կախեալ է Միջին Արեւելքի մէջ դերակատարութիւն ունեցող պետութեանց մօտաւոր եւ ապագայ ծրագիրներէն, շահերէն:

Նիս, 23 դեկտեմբեր 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.