2015-01-05 13:05:13

ԱՄՆի ու Եւրոպայի եպիսկոպոսներու տարեկան այցելութիւնը Ս. Երկրին, օգնութեան հասնելու տեղական բարեսիրական մարմիններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յունուար 11-15, ԱՄՆի ու Եւրոպայի եպիսկոպոսները միասին Ս. Երկրին մէջ պիտի գտնուին, օգնութեան հասնելու տեղական բարեսիրական մարմիններուն։ Անոնց այցելութեան յայտագիրը կը ներփակէ Կազան եւ Հեպրոնը։ Անոնք մասնաւորապէս իրենց օգնութիւնները կ’ուզեն յատկացնել մանուկներուն։ Անոնց տարեկան այցելութիւնը լոկ հովուական բնոյթ ունի եւ կը ծառայէ, իրենց հայրենիք վերադարձին, շահագրգռել իրենց կառավարութիւնները ու հանրային կարծիքը Ս. Երկրի քրիստոնեաներու իրավիճակով՝ լաւագոյնս անոնց օգնութեան հասնելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.