2015-01-04 12:14:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքը ''Ամէն ազգ եւ ամէն անհատ ծարաւը ունի խաղաղութեան''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 4 յունուար 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած իր խորհրդածութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Յովհաննէսի աւետարանին հաստատեց թէ ''ով չարը կը գործէ կ՛ատէ լոյսը եւ կ՛ատէ խաղաղութիւնը''։
Ան ապա ակնարկեց թէ մի քանի օր առաջ` յանուն Աստուածամօր, սկիզբ տուինք նոր տարուան, տօնախմբելով խաղաղութեան համաշխարհային օրը որուն բնաբանն է` ''այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ''։ Մաղթանքս է - ըսաւ Քահանայապետը - որ մարդու դէմ մարդէն գործուած շահագործումը վերջ գտնէ. Շահագործում մը որ ընկերային վէրք մըն է եւ որ արգելք կը հանդիսանայ միջմարդկային յարաբերութիւններուն ու արգելք կեանքի մը` հիմնուած յարգանքի, արդարութեան եւ սիրոյ վրայ։ Ամէն անհատ ու ամէն ազգ ծարաւը ունի խաղաղութեան, առ այդ հարկաւոր ու հրատապ է խաղաղութիւն կառուցելը։
Խաղաղութիւնը սակայն միայն պատերազմներու բացակայութիւնը չէ այլ համընդհանուր պայման մը, որուն մէջ մարդ արարածը ներդաշնակութեամբ կ՛ապրի ինքնիր հետ, բնութեան եւ ուրիշներուն հետ։ Այսուհանդերձ, զէնքերը ղօղանջիւնը լռեցնելը եւ բռնկուած պատերազմները մառելը կը մնայ այն նախապայմանը` սկիզբ տալու դէպի խաղաղութիւն տանող ուղեւորութեան։
Պէտք է համոզուինք - ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը - որ հակառակ բոլոր արտաքին տեսքերուն, հաշտութիւնը միշտ կարելի է, ամէն պարագաներուն մէջ եւ որեւէ մակարդակի վրայ։ Չկայ ապագայ մը առանց խաղաղութեան իղձին ու խաղաղութեան ծրագիրներուն։
Խաղաղութիւնը հռչակուած է որպէս Աստուծոյ յատուկ պարգեւ, Փրկիչին ծնունդով ''Խաղաղութիւն երկրի վրայ` մարդոց իր սիրելիներուն''(Ղուկ 2,14)։ Այս պարգեւը կարիքը ունի աղօթքին եւ այս նոր տարուայ սեմին ամէնքս կանչուած ենք մեր սրտերուն մէջ վառելու յոյսի զգացումը որ պէտք է թարգմանուի խաղաղութեան, հաշտութեան եւ եղբայրութեան ի սպաս առարկայական գործընթացքի։
Ամէն մէկը իր խաղցած դերով ու իրեն յանձնուած պատասխանատուութեամբ, կարող է իրականացնել եղբայրութեան ներգործութիւն` ուրիշին հանդէպ, ու յատկապէս անոնց հանդէպ որ կը տառապին ընտանեկան լարուածութիւններէն կամ զանազան տարաձայնութիւններու հետեւանքով։ Փոքրիկ այս ներգործութիւնները մեծ արժէք մը ունին որովհետեւ կրնան դառնալ յոյսի սերմ` բանալով դէպի խաղաղութեան տանող ուղիներ եւ նոր հեռանկարներ։
Հայցենք Մարիամէն, Խաղաղութեան Թագուհիէն, որ իր երկրային կեանքի ընթացքին ապրեցաւ առօրեային դժուարութիւնները ու երբեք չկորսնցուց սրտի խաղաղութիւնը որովհետեւ վստահած էր Աստուծոյ ողորմութեան, որ համայն աշխարհին ցոյց տայ վստահելի ճանապարհը սիրոյ եւ խաղաղութեան – ըսաւ Սրբազան Հայրը խորհրդածութեան աւարտին ու ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները անոնց մաղթեց բարի ու խաղաղ կիրակի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.