2015-01-03 09:48:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յունուար ամսուայ ընթացքին գլխաւորած արարողութիւններն ու գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յունուար 2015-ի` 12 – 19, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր քահանայապետութեան 7-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը պիտի կատարէ ասիական երկու երկիրներուն` Սրի Լանքա եւ Ֆիլիպեան կղզեխումբ։
Նորին Սրբութեան 2015 տարուայ գործունէութիւնը սկիզբ առաւ Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին , Աստուածամօր տօնին եւ խաղաղութեան համաշխարհային 48-րդ օրուան առթիւ, սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ մատուցելով սուրբ պատարագի արարողութիւնը որմէ ետք ապա արտասանեց 2015 տարուայ առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Սրբազան Հայրը ապա 6 յունուար 2015-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր արարողութիւնը, իսկ Կիրակի` 11 յունուարին, աւանդութեան համաձայն, Սիքստինեան մատրան մէջ, սուրբ մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ մի քանի նորածիններուն։
Չորեքշաբթի, 7 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապը կը կատարէ 2015-ի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային առաջին ունկնդրութիւնը եւ 8 Յունուարէն դարձեալ սկիզբ կ՛առնեն Քահանայապետին առաւօտեան պատարագներու հաւատացեալներու մասնակցութեան կարելիութիւնը։
Երկուշաբթի, 12 Յունուարի առաւօտեան Սրբազան Հայրը կ՛ընդուի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը եւ երեկոյեան, ինչպէս նշեցինք, սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական միջազգային 7-րդ ճամբորդութիւնը դէպի Ասիական ցամաքամաս, ուր 12 -19 Յունուար Սրբազան Հայրը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Սրի Լանքա եւ Ֆիլիպեան կղզեխումբ։
Ապա, Կիրակի` 25 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 17.30-ին` Սուրբ Պօղոսին դարձին օրը, Սուրբ Պօղոսին նուիրուած Հռոմի պազիլիքային մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը հանդիսապետէ ժամասացութեան արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.