2015-01-03 11:54:37

Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին նամակը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը` տիար Ճորճիօ Նափոլեթանօ նամակ մը յղած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, խաղաղութեան համաշխարհային 48-րդ օրուան առթիւ։
Նախագահը իր նամակին մէջ կը գրէ. ''Նորին Սրբութիւն ձեր պատգամը ինծի համար առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդածելու ստրկութեան ողբերգական երեւոյթին մասին։ Ստրկութեան երեւոյթը արդարեւ իր բազմազան արտայայտութիւններով զրկումն է մարդկային էակին ազատութեան ու արժանաւորութեան''։
Իտալիոյ նախագահը նամակին մէջ դիտել կու տայ որ Եւրոպական հասարակութեան քաղաքական յայտագիրներէն մէկն է գաղթականներու ու քաղաքական ապաստան դիմողներու հիւրընկալութեան հարցը։ Պետութիւններու պարտականութիւնն է սերտել ընկերային ու տնտեսական պատճառները որ կը մղեն որոշ մարդիկ ուրիշները շահագործելու։ Հարկաւոր է որ պետական հաստատութիւններու առաջին պարտականութիւնն ըլլայ երաշխաւորել դաստիարակութիւնը ու աշխատանքը, որոնք հիմը կը կազմեն ընկերութեան մը ամէն անհատի հանդէպ արդար ու յարգալիր վերաբերմունքին։ Նոյնպէս վճռակամ օրէն պայքարելու ոճրագործութեան, պոռնկութեան շահագործումի, սեւ շուկայի աշխատանքի ու կաշառքի դէմ։
Իտալիոյ նախագահը հուսկ իր հիացումը կը յայտնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի տածած ժրաջան, վիթխարի ու լուռ աշխատանքին համար։
Կը բաժանեմ ձեր հրաւէրը բարեփոխելու համաշխարհայնացումը դրական ոյժի մը` զօրակցութեան ու եղբայրակցութեան ի սպաս կը գրէ Նախագահը իր նամակին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.