2015-01-02 11:09:06

Ունիթարի ահազանգը ի տես Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան կործանումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ չորս տարուայ պատերազմին հետեւանքով աւելի քան 290 պատմական վայրեր, որոնք մաս կը կազմեն ոչ միայն Սուրիոյ այլ եւ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան, կործանուած կամ թալանուած են, յայտարարած է ՄԱԿի փնտռտուքի ու կազմաւորուման հաստատութիւնը որուն աթոռը Ժընեւ կը գտնուի։ ՄԱԿը այս տեղեկագիրով կ'ուզէ հանրութեան կարծիքի ուշադրութիւնը հրաւիրել, ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ, Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան խաթարումի մասին, ու ջանալ կարելին չափով փրկել մարդկութեան պատկան այս յոյժ կարեւոր մշակութային ժառանգութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.