2015-01-02 10:07:45

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Գրչագիրներու աշխատանքի պայմանները

Հայերէն ձեռագիրները մեր ժողովուրդի մեծագոյն գանձերէն են, անկարելի է մտածել հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ հոգեւոր մշակոյթը առանց գիրի եւ գրչութեան, առանց աւանդուած ձեռագրային հարստութեան։ Սակայն սպէտ գիտակից չենք թէ ինչքան ճիգ, հոգնութիւն, տառապանք, արցունք եւ արիւն կայ իւրաքանչիւր ձեռագրի ետին։ Կը մոռնանք թէ կեանքի ինչպիսի դաժան պարագաներու գրիչները համռօրէն եւ հարատեւօրէն ստեղծագործած են իրենց առոջութիւնն ու կեանքը լիուլի նուիրած են մշակոյթի, իրենց անձը ամբողջականութեամբ տրամադրած են հայ մշակոյթի հոգիին։

Այլ գրողներու տառապանքի պատճառը ծերութիւնն էր՝
«Ծերութեան ժամը հասած է եւ յիշողութիւնը խանգարուած։»
«Ալեծեր վաթսունամեայ ըլլալով՝ զգայարանքներուն վրայ ուժ չէ մնացած։»
«Եօթանասուն տարեկանէն աւելի եւ խելքը ցրուած։»
«Եօթանասունութ տարեկան, շատ ծերացած։»
«Սխալ եւ շփոթում, որովհետեւ խելքս գլուխս չէր։»
«Միտքս խաւարած է, ընդհանրապէս չեմ գիտեր թէ ինչ կը գրեմ։»

Ուրիշներու պարագային վիշտն ու տրտմութիւնը կը ճնշեն հոգիին վրայ։
«Մի մեղադրէք գրութեան խոշորութիւնը, սխալները եւ անյարմարութիւնը, որովհետեւ պէսպէս վիշտերով եւ չարչարանքներով գրեցի։»
«Անմեղադիր եղէք, որովհետեւ տրտում էի, անոր համար այսպէս եղաւ, որովհետեւ մոռցած էի, որովհետեւ տրտում էի, կ’աղաչեմ ձեզի անմեղադիր եղէք։»
«Անմեղադիր եղէք, որովհետեւ ղարիպ էի եւ սրտիկս տրտում։»

Հարազատներու մահը ըլլայ վաղաժամ կամ հիւանդութեան պատճառով, պատերազմներու մէջ սուսերամահ եղած ժողովուրդի ճակատագիրը դառնութեամբ ու սուգով կը լեցնեն գրիչներու սիրտը։
«Կ’աղաչեմ որ չմեղադրէք սխալներս, որովհետեւ բազմաթիւ մահացած մարդոց դիակները որ մեր առջեւ կը տեսնէինք միտքս կը ցնդէր վայրենի գազանի նման եւ մահուան երկիւղի տակ հազիւ կը կարենայի ամփոփուիլ, այնքան որ չէի կարենար հասնիլ գրութիւնս վերջացնելու, որովհետեւ մեզի ալ հասաւ տարաժամ մահուան ցաւը, սակայն Աստուծոյ ներողութեամբ ազատեցանք։»
«Անմեղադիր եղէք գրութեանս խոշորութեան եւ սխալներուն, որովհետեւ դառն էր ժամանակը եւ իմ կենակիցս մահացած էր, որուն պատճառով խելքս կորսնցուցած էի։»
«Անսպար սուգով հարուածուած եւ վիրաւորուած եմ։ Աղաւնին իմ աչքերէս թռաւ եւ իմ շառավիղս իմ տղաս՝ Մարգը կորսնցուցի. Կ’աղաչեմ սխալներս մի մեղադրէք, որովհետեւ սգաւոր եւ լալով գրեցի։»
«Կ’աղաչեմ անմեղադիր եղէք, որովհետեւ սիրտս սատանայէն խոցուած է եւ կենդանի մեռեալ մըն եմ եւ աչքս բազում արցունքներով կուրացած է, որովհետեւ իմ սիրելի որդիներս Սահակը եւ Մեսրոպը զիս սուգի մէջ թողին։»
«Ո՜հ եղկելիս եւ թշուառականս, որ ձեռքս կը գրէր բայց միտքս կ’ողբար. ով սուրբ քահանայ, մի մեղադրեր զիս. միտքս շլմորած էր, արցունքներս մահացած տղաքներուս կսկիծով դեղերուն կը խառնուէին։ Երեք տղայ, որոնք ոսկիի եւ մարգարիտի նման էին։ Աչքս արցունքներու պատճառով յստակ չէր։ Աւաղ եղկելիիս, որ օրն ի բուն ձեռքս ծնօտիս կը նայիմ Եփրատին եւ հոգոց կը հանեմ։»

Գրիչներէն ոմանք ենթարկուած էին փորձութիւններու եւ կը տեսնէին սատանան իբր պատճառ իրենց դժուարութիւններուն։
«Կ’աղաչեմ, եղկեիիս ներել գրութեան խոշորութեան եւ սխալներուն համար։ Չեմ կրնար նկարագրել սատանայի փորձութիւնները եւ անոր պատերազմը ծոյլիս դէմ։»
«Սատանան իմ վրաս իժ մը ղրկեց, եւ ես նայելով գրքի օրինակին տեսայ իժ մը անոր կողքը որ բերանը իմ դէմս բացած էր. զայն տեսնելով վախցայ եւ փախայ։»







All the contents on this site are copyrighted ©.