2015-01-02 10:41:09

''Ամէնքը կանչուած են ըլլալու ազատ ու պայքարելու ստրկութեան դէմ'' հաստատեց Քահանայապետը 2015-ի Յունուար մէկին մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին.։


(Ռատիօ Վատիկան) Մէկ Յունուար 2015-ին, տօն ամենասուրբ Կոյս Մարիամին` Աստուծոյ Մայրը եւ խաղաղութեան համաշխարհային 48-րդ օր։ Այս առթիւ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10-ին, ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, մատոյց 2015 տարուայ հանդիսաւոր առաջին սուրբ պատարագը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացուց Մարիամ, Եկեղեցի եւ խաղաղութիւն բառերուն վրայ։
Մարիամն ու Յիսուսը անբաժանելի են – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ ներքոյ է որ մենք Յիսուսին կը հանդիպինք առ այդ` Եկեղեցին ու Յիսուսը եւս անբաժան են։
Յիսուսը բաժնել եկեղեցիէն կը նշանակէ ուզենալ անհեթեթ բաժանում մը ներդրել` ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով Երանելի Պօղոս Զ խօսքերը ''անկարելի է սիրել Քրիստոսը ու չսիրել Եկեղեցին, ունկնդրել Քրիստոսը եւ ոչ Եկեղեցին, պատկանիլ Քրիստոսին բայց Եկեղեցիէն դուրս''։ Արդարեւ Եկեղեցին ` որ է Աստուծոյ մեծ ընտանիքը մեզ կը տանի Քրիստոսին։
Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ մեր հաւատքը փիլիսոփայութիւն մը կամ վերացական վարդապետութիւն մը չէ այլ էական ու լրիւ յարաբերութիւն անձի մը հետ` Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Միածին Որդին, որ մարդեղացաւ, մեռաւ ու յարութիւն առաւ մեր փրկութեան համար ու կ՛ապրի մեր մէջ։ Մենք Անոր կրնանք հանդիպիլ մեր Սուրբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որ այսօր մեզի կը հռչակէ ''Ահա գառն Աստուծոյ''։
Արբազան Հայրը ապա նկատել տուաւ թէ Քրիստոսի որեւէ յայտնութիւն չի կրնար զատուիլ Եկեղեցւոյ մարմինէն եւ արիւնէն որ է Քրիստոսի Մարմինը։ Առանց Եկեղեցւոյ Յիսուս Քրիստոս կը դառնայ պարզ գաղափար մը ու պարզ զգացում եւ երեւակայական իրողութիւն։ Յիսուս Քրիստոս իւրաքանչիւր մարդու ու համայն մարդկութեան օրհնութիւնն է եւ Աստուծոյ ժողովուրդին առաքելութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ այս օրհնութիւնը ճառագայթելու բոլոր ազգերուն մէջ եւ Մարիամ` որ Յիսուսի առաջին ու ամենէ կատարեալ աշակերտն է, առաջին ու կատարեալ հաւատացեալը, ուղեւոր եկեղեցւոյ օրինակ, Ինքն է որ մեզի կը բանայ Եկեղեցւոյ Մայրութեան ճանապարհը։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ խօսքը կեդրոնացուց խաղաղութեան համաշխարհային օրուան վրայ ու այդ օրուայ առթիւ իր ընտրած նիւթին` ''այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ։ Ամէնքը - ըսաւ Ան - կանչուած են ըլլալու ազատ, ամէնքը` ըլլալու որդիներ, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութիւններու համաձայն, պայքարելու արդի բոլոր ստրկութիւններուն դէմ։ Թող մեզ առաջնորդէ ու օգնէ Ան, որ մեզ եղբայրներ դարձնելու համար, դարձաւ մեր սպասաւորը, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը ու խօսելով Տիրամօր մասին ըսաւ` '' Թող այս քաղցր ու փութկոտ Մայրը, ընդունի Տիրոջ օրհնութիւնը համայն մարդկային ազգին վրայ, մասնաւորապէս այսօր` խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։ Հայցենք անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի Տէրը պարգեւէ, մեր այս օրերուն, սրտի խաղաղութիւն, ընտանիքներու խաղաղութիւն, ազգերու միջեւ խաղաղութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.