2014-12-31 10:00:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հեռագիրը Մեքսիքայի մէջ սպաննուած Քահանային ի լուր։


(Ռ.Վ. 31 դեկտեմբեր 2014) Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինը` ցաւակցական հեռագիր մը յղած է, յանուն Ֆրնաչիսկոս Քահանայապետին, որուն մէջ ''խոր ցաւն ու կսկիծը'' կը յայտնէ ի լուր անցեալ օրերուն Մեքսիքայի մէջ առեւանգուած ու ապա սպաննուած Հայր Կրէկորիոյ Լոփէզ Կորոսթիէթայի։
Կարդինալ Փարոլին իր հեռագիրը ուղղած է Չուտատ Ալթամիրանոյի թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Մաքսիմօ Մարթինէս Միրանտայի, որուն մէջ խօսքը ուղղելով թեմի կղերին ու հաւատացեալներուն անոնց կը վստահեցնէ Սրբազան Քահանայապետին աղօթքները քահանային համար որ թիրախ եղաւ ''վայրագ եւ անարդար բռնութեան'', վերահաստատելով Սրբազան Հօր դատապարտումը ''մարդկային կեանքի դէմ գործուած ամէն արարքի''։
Քահանայապետը ապա կը յորդորէ քահանաներն ու թեմի բոլոր առաքեալները վեհանձնութեամբ ու եռանդով շարունակելու իրենց եկեղեցական առաքելութիւնը, հակառակ դժուարութիւններուն, հետեւելով Յիսուսի` բարի հովիւի օրինակին, հուսկ իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ սպաննուած քահանայի ընտանեկան պարագաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.