2014-12-31 09:14:23

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Մի Թերագնահատեր
Աժան գնահատանքները մեծապէս առատացեր են. Ոմանց մօտ նոյնիսկ մրջիւններու կատարած աշխատանքը գնահատելու փափաք արթնցեր է, սակայն անոնց լերկ մարմինին վրայ շքանաշան կախելու հնարաւորութեան բացակայութեան ի տես, կամ բաճկոն ու լամբակ չունենալու տխուր փաստին դիմաց կանգնած, հրաժարեր են զանոնք պարգեւատրելէ: Թէեւ, իսկական մրջիւններուն գործը աներեւակայելիօրէն աւելի՛ կ՛արժէ, քան՝ մարդկային անողն մրջիւններու ոչնչութեան արդիւնք աշխատանքը, որ հով փոխադրելու նման ապարդիւն ջանք է:
Գնահատուողներու շարասիւնի սնամիտներուն մէջ բազմատեսակ անձեր կարելի է յայտնաբերել: Արժանահաւատ աղբիւրներու տեղեկութիւնները բաւարար կ՛ըլլան համոզելու մեզ, թէ գնահատուողներու մէջ առաջնահերթութիւնը կը տրուի ընդհանրապէս տափակ սրամտութիւններու աժանագին վարպետներուն, որոնք կը յաջողին ծիծաղ յառաջացնել, նոյն անհամ կատակները կիրառելու անվերջ փորձ կատարողներու դէմքերուն վրայ: Անհամոզիչ բոլոր բացատրութիւնները, վկայութեան բարձր արժէք կը ստանան այստեղ, իսկ զրպարտութիւնը կը նկատուի համազօր քաջագործութեան…
Ձիւնագնդակը շատերու կարծիքով մանուկները հաճոյացնելու խաղալիք է: Սակայն նման կարծիք արտայայտողները չեն անդրադառնար, թէ անիկա ի՜նչ ահաւոր աւերներ կրնայ գործել, եթէ հետզհետէ մեծնայ ու թաւալելով գլորուի լեռնէն վար: Մանուկին ձեռքին մէջ գտնուող այդ փոքր ծաւալով գունդը, հսկայ ժայռի մը կրնայ վերածուիլ շուտով, եւ իր ամրացող դիրքէն այլեւս ո՛չ ոք կրնայ տկարացնել զայն: Մինչդեռ չարիքը կանխելու համար, ծնողներ կրնան երեխան կասեցնել իր չար ընթացքէն, եւ անոր փոքրիկ ափերուն յարմար գունդ շինելը միայն արտօնել անոր:
Մանկավարժութեան իմացումով, յատկապէս երեխաներու կեանքէն ներս աղէտներու սկիզբը միշտ պէտք է փնտռել գնահատանքի եւ թերագնահատութեան անհաւասարակշռութեան մէջ: Անցեալին, մանկավարժութիւնը կ՛ընդունէր այն տեսակէտը, որուն համաձայն երեխաներու միջեւ մրցակցութիւն ստեղծելը յառաջդիմութեան առիթ կը հանդիսանար անոնց համար: Ներկայիս այս տեսակէտը այնքան ալ յաջող չի՛ նկատուիր, որովհետեւ մրցակցութիւն ստեղծելու համար պէտք է գնահատել մէկը, իսկ միւսը՝ անտեսել: Այժմու մանկավարժութիւնը իւրաքանչիւր մանուկի մէջ իրե՛ն յատուկ կարողութիւն մը կը տեսնէ, ու այդ կը գնահատէ, քաջ գիտնալով, որ բոլոր մարդիկ միեւնոյն շնորհքով ծնած չեն ըլլար: Ոմանք այս նիւթին մէջ աշխատասէր կ՛ըլլան, ուրիշներ այն մէկ նիւթին մէջ լաւագոյն կարողութիւն կը ցուցաբերեն: Ահա՛ թէ ինչպէս թերագնահատելէ կը հրաժարին իսկական մանկավարժներ, որոնք ներկայ գիտութեան ուսուցած բոլոր օրէնքներուն ականջալուր, կը կատարեն իրենց աստուածահաճոյ գործը: Այսպիսով, անոնց խորատես աչքերէն չի՛ վրիպիր որեւէ շարժում երեխաներու կեանքին մէջ, որ կրնայ աղէտ դառնալ ապագային:
Կ՝ըսուի թէ՝ ՜՜ Մէկ կայ հազար կ՛արժէ, հազար կայ՝ մէկ չ՛արժեր՝՝:
Իսկ այս Մէկն ու այն Մէկերը ճանչնալը, մասնագիտութեան խնդիր է, որ փոքրոգի ուսուցիչներու կամ դաստիարակներու գործը չէ՛: Եթէ կան այդպիսի դաստիարակներ, որոնք այս մասնագիտութեան չեն հետեւած, պէտք է դարձեալ սկսին իրենց ուսումնառութեան, ետ երթալով մինչեւ բողբոջ դասարան, այնտեղ զանազանել սորվելու գոյները, ձեւերն ու առարկաներուն ծաւալները:
Տգէտ դաստիարակներու տրուած մէկ այլ անունը պէտք է համարել «թերագնահատող» բառը: Բնա՛ւ չգնահատելէն աւելի լաւ պիտի համարէին ոմանք այս բառը, որ եթէ ամբողջական գնահատանք տալը չէ՛, բայց երբեք չգնահատելէն լաւ է: Սակայն մեր կարծիքով, ատիկա միայն բարի տրամադրութիւն մըն է այս բառին հանդէպ: Բառը իր մէջ շատ աւելի ժխտական իմաստ ունի, քան՝ դրական: Թերագնահատողներէն շատեր իրենց այդ կեցուածքով ծիծաղի ու ծաղրանքի, քննադատութեան ու պախարակումի նպատակը կը հետապնդեն, քան՝ իսկապէս որոշ չափով գնահատանք տալու: Օրինակ, հասակաւոր ու յաղթանդամ մարդիկ կը դառնան գաճաճ ու վտիտ, կարծէք փուլ գալով իրենց բարձր դիրքերէն, ու իբրեւ աւազ մանրուելով անցորդներու ոտքերուն տակ: Թէեւ փոքրոգի մարդիկ որքան ալ հասակ ու բարձրութիւն ունենան, դարձեալ կարճահասակ կը թուան իրենց հանդիպող վեհանձն մարդոց աչքերուն:
Թերագնահատելու ունակութիւնը ի ծնէ տրուած թերութիւն մը չէ՛ մարդուն, այնպէս ինչպէս ի ծնէ խեղանդամներու դժբախտ պարագան, այլ՝ թերագնահատողը իր հոգին դաստիարակելու մէջ թերացած անձն է, որուն գնահատելու մտային հաւասարակշռութիւնը ՜՜խախտած է՝՝ պարզապէս:







All the contents on this site are copyrighted ©.