2014-12-31 09:36:08

Աւետարանի 26 սպասաւորներ սպաննուեցան 2014 տարւոյն ընթացքին, որոնցմէ 17ը քահանաներ են։


(Ռ.Վ. 31 դեկտեմբեր 2014) Ֆիտէս մամլոյ գործակալութեան տարեկան տեղեկագիրին համաձայն 2014 տարւոյն ընթացքին Աւետարանի կաթողիկէ 26 սպասաւորներ սպաննուեցան, որոնցմէ 17ը քահանաներ են։
Բաղդատմամբ 2013-ին, 2014-ին աւելիով սպաննուած են Աւետարանի երեք սպասաւորներ, անոնց մեծամասնութիւնը ամերիկեան ցամաքամասի մէջ զոհ գացած են։
26 զոհերուն մէջ դաժան մահով սպաննուած են 17 քահանաներ, մէկ կրօնաւոր, վեց կրօնաւորուհիներ, մէկ նորընծայ եւ մէկ աշխարհական։ Անոնց կէսը սպաննուեցան ամերիկեան ցամաքամասին մէջ, որոնց շարքին 12 քահանաներ։ Մինչ Աւետարանի 7 սպասաւորներ, երկու քահանաներ եւ 5 կրօնաւորուհիներ սպաննուեցան Ափրիկէի մէջ։ Մնացածը Ասիա` (մէկ քահանայ եւ մէկ կրօնաւորուհի) Ովկիանեա` (մէկ քահանայ եւ մէկ աշխարհական)։ Իսկ Եւրոպայի մէջ մէկ քահանայ սպաննուած է։ Բացի Աւետարանի 26 սպասաւորներու սպանութենէն, տեղեկագիրը յոյսով կը խօսի Աւետարանի այն սպասաւորներուն մասին որոնք առեւանգուած են կամ անհետացած եւ որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ. ինչպէս է պարագան Սուրիա առեւանգուած իտալացի Յիսուսեան հայր Paolo Dall’Oglioյի։ Նոյնպէս Սուրիոյ մէջ անյայտ վիճակի մէջ կը գտնուին` հայ կաթողիկէ վարդապետ հայր Միքայէլ Քայեալ, յոյն կաթողիկէ այլ քահանայ մը, ասորի եւ յոյն օրթոտոքս երկու եպիսկոպոսներ։ Դժբախտաբար ցանկը երկար է Աւետարանի այն սպասաւորներուն, որոնց անոնց անունը իսկ չի յիշուիր, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ կը տառապին ու իրենց կեանքը տուած են Յիսուս Քրիստոսի անունին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.