2014-12-30 08:38:16

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ մարտին ուխտագնացութիւն կը կատարէ Փոմբէի Տիրամօր սրբավայրին։


(Ռ.Վ. 30 դեկտեմբեր 2014) ''Յառաջիկայ 2015-ի մարտ 21-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իտալիոյ Քամբանիա մարզը պիտի այցելէ։ Հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը պիտի հանդիսանայ Փոմբէի քաղաքը, ուր պահ մը աղօթք պիտի կատարէ Փոմբէի Տիրամօր սրբավայրին մէջ, որ ճանչցուած է որպէս Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր'', կը հաղորդագրէ Սրբավայրի քահանայապետական պատուիրակը Թոմազօ Քաբութօ Արքեպիսկոպոսը։
Շաբաթ, 21 Մարտ 2015-ին, Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ դադար մը պիտի կատարէ Ս. Վարդարանի Մարեմեան սրբավայրին մօտ, Տիրամօր վստահելու Եկեղեցին ու իր անձը։
Այս ցնծագին լուրը հաղորդելով Գերապայծառ Քաբութօ կը գրէ ''ամենուն յայտնի է Սրբազան Հօր սէրն ու նուիրումը Աստուածածնին։ Իր այս այցելութեամբ Սրբազան Հայրը մեզի ցոյց պիտի տայ ճամբան դեր աւելի մօտ ու զօրակից ըլլալու մեր ժողովուրդին''։
Յայտնենք որ Փոմբէի Տիրամօր սրբանկարը Հայաստանէն եկած է, տոմենիքեան հայրերու ճամբով։ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը` 21 Հոկտեմբեր 1979-ին, ուխտագնացութիւն կատարեց Փոմբէյի Տիրամօր մինչ հովուական այցելութիւն կը կատարէր Նափոլի թեմին։
7 Հոկտեմբեր 2003-ին դարձեալ այցելութիւն կատարեց Սրբավայրին եզրափակելու Ս. Վարդարանի տարին։ 19 Հոկտեմբեր 2008-ին Պենետիկտոս Քահանայապետը, իր կարգին, այցելութիւն կատարեց Սրբավայրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.