2014-12-30 10:13:05

Նախագահ Սարգսեան. «Վահան Յովհաննիսեանի մահը մեծ կորուստ է ոչ միայն ՀՅԴ-ի, այլեւ բոլորիս համար»


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով:
Վահան Յովհաննիսեանի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն ուղղուած ցաւակցական հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս ըսուած է. «Խոր ցաւով տեղեկացայ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան մասին:
Վահան Յովհաննիսեանի ներկայութիւնը նշանակալի եղած է Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ ե՛ւ արցախեան ազատամարտի տարիներուն, ե՛ւ ատկէ ետք` Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ:
Դժուար է պատկերացնել, որ գաղափարական մարտիկի, կիրթ մտաւորականի, պետական եւ կուսակցական գործիչի, փայլուն հռետորի եւ վառ անհատականութեամբ շեշտուած անոր կերպարը այլեւս մաս պիտի չկազմէ հայաստանեան եւ համահայկական քաղաքական հոլովոյթներու: Վահան Յովհաննիսեանի մահը մեծ կորուստ է ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլեւ բոլորիս համար:
Խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անուանի գործիչին հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն»:
Նշենք, թէ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 2 յունուար 2015-ին, ժամը 17:00-ին, Նոր Նորքի 5-րդ զանգուածի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը` 3 յունուարին` ժամը 11:00-13:00-ը, Կոմիտասի անուան երաժշտութեան տան մէջ, յուղարկաւորութիւնը` նոյն օրը Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.