2014-12-30 08:32:01

Հաւատացեալներուն միութիւնը Յիսուսին իսկական ընտանիքն է


RealAudioMP3 Յիսուս իր կեանքին վերջին օրերուն հաւաքեց իր ընտանիքը որ այսօր կը կոչուի «Եկեղեցի»: Այս Եկեղեցւոյ դեւերուն տակ կը հաւաքուին այն բոլոր անձերը որոնք կը հաւատան Քրիստոսի անձին, կեանքի ըն-թացքին գործած հրաշքներուն եւ տուած ուսուցումներուն, այսինքն մեզի ձգած Աւե-տարանին եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն:
Եկեղեցին հաստատեց Սուրբ Պատարագը եւ աղօթքի զանազան կերպեր հաւատացեալները քով քովի հաւաքելու միասին ըլլալու իրենց աղօթքներով եւ մանաւանդ եղբայրական մթնոլորտին մէջ մնալով:
Այսօրուայ դէպքին մէջ կը տեսնենք Յիսուսի հանդիպումը իր աշակերտներուն հետ: Երբ Յիսուս Կալիլէա կ'անցնէր իր առաջին ժողովրդային երեւումներուն գայլն էր որ իրեն համար եկած էր աւետելու Աստուծոյ Արքայութիւնը ուղղակի կերպով ժողովուրդին, շարժուն ժամանակ էր Աւետարանացման, մանաւանդ հրաշքնե-րուն: Յիսուս զանազան հրաշքներ կը գործէր, սատանաներ կը հանէր, փարիսե-ցիներուն հետ երկար, ծանր եւ խորունկ վիճաբանութիւններ կ'ունենար, եւ մանա-ւանդ առակներով նոր ուսուցումները կը հասցնէր ժողովուրդին:
Ժողովուրդն ալ հիացած այս խօսքերէն եւ հրաշքներէն կը վխտայ զինք տեսնելու եւ մանաւանդ ճանչնալու նոր Ռաբունապետը:
Մենք որպէս հաւատացեալներ կը գտնուինք նոր տեսարանի մը առջեւ. Յարձակում մը խուռներամ անձերուն որոնք կ'ուզեն գրաւել Յիսուսի գտնուած տունը եւ սակայն իր մայրն ու եղբայրները կարող չէին մտնել...
Յիսուս Քրիստոս քաշողական ուժ մը ունի, այնքան որ ժողովուրդը արագ ձեւով կ'երթար իր քովը՝ զինք լսելու: Միւս կողմէն, Յիսուս կը յարգէ բոլորին ազատութիւնը եւ խնդրուած շնորհքները: Այսօրուայ այն հաւատացեալներն են որոնք ուշադրութ-եամբ մտիկ կ'ընենք Աւետարանին հաճոյքը ունենալով լսելու եւ աշխատելու Աստուծոյ Սէրը լսելու եւ տարածելու, արդե՞օք պատրաստ եմ ընդունելու Հօր կամքը քանի որ Յիսուսի պատգամը շատ յստակ է իր կարեւութեան մէջ: Յիսուս միշտ շեշտած է Աստուծոյ կամքին վրայ երբ լսենք իր խօսքերը Աւետարանին մէջ:
Այսօր ինծի կը սորվեցնէ թէ ընդունելով եւ գործադրելով իր կամքը կրնամ դառնալ անդամ մը իր ընտանիքին, կրնամ դառնալ իր մայրը կամ եղբայրը:
Բոլորիս երազն է որ մտնենք այս սուրբ ընտանիքին մէջ, Ադամ եւ Եւայէն ի վեր որոնք կը փափքէին ըլլալ Աստուծոյ նման... շատ դիւրին է ինծի անդանակցելու այս ընտանիքին, կը բաւէ միայն որ գործադրութեան մէջ դնեմ Աստուծոյ կամքը:
Երբ խորանանք այս խորհուրդին մէջ, երեւան կու գայ թէ Քրիստոսի ընտանիքը Սուրբ Երրորդութիւնն է, այն 3 անձերը որոնք սիրոյ մէջ կը գտնուին: Հոն ալ Քրիստոսը որ զիս կը հրաւիրէ մտնելու այդ սիրոյն մէջ, ինծի ուղղելով հետեւեալ խօսքը. «Եթէ մէկը զիս կը սիրէ պարտի իմ խօսքերս պահել»:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.