2014-12-30 09:09:02

Իրանեան բեռնատար կարգեր իրաք կը հասնին օգնութեան հասնելու քրիստոնեաներուն։


(Ռ.Վ. 30 դեկտեմբեր 2014) Ազգային ժողովի անդամ քրիստոնեայ Եոնադան Պեթքոլիա կը տեղեկագրէ որ Իրանի կառավարութիւնը սննդականն օգնութիւններ ուղարկած է Իրաք, որպէս օժանդակութիւն արտահան քրիստոնեաներուն։ Իրանցի պաշտօնեաները արդէն կապի մէջ մտած են լաւագոյնս համադրելու օգնութիւններու բաշխումը։
Մինչ այն Ամմանի մօտ իրանի դեսպանը` ''Mojtaba Ferdowsjpour,'' այցելութիւն կատարած է Յորդանանի եպիսկոպոս Մարուն Լահհամաին­, Յիսուսի ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները յայտնելու իրեն եւ բոլոր քրիստոնեաներուն։ Այդ առթիւ դեսպանը հաստատած է որ Իրանի կառավարութիւնը պատրաստ է օգնութեան հասնելու Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն, ամոքելու համար անոնց տառապանքը ու նեղութիւնները։ Ամմանի եպիսկոպոսը յայտնած է որ տարակոյս չկայ որ Իրանը կարեւոր դեր մը կը կատարէ եւ անոր կառավարութիւնը մնայուն շփումի մէջ է Ս. Աթոռին հետ, որուն հետ կարեւոր երկխօսութիւն հաստատած է։ Մեր աղօթքն է որ Իրանի սատարը դրական արդիւնք ունենայ Միջին Արեւելքի տագնապին լուծումին, որուն անմիջական թիրախ են Իրաքի ու Սուրիոյ բնակիչները հաստատած է գերապայծառ Լահհամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.