2014-12-30 10:01:37

Զմմառու միաբանութեան նահատակ հայերու յիշատակին նուիրուած օրացոյց


Դպրեվանքիս պատմութեան մէջ աննախադէպ նախաձեռնութիւն մը՝ հասցէագրուած Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան նահատակ հայրերու ողջակիզման 100-րդ տարելիցին: Անոնք երբեւիցէ չեն յայտնուած ուսումնասիրողներու տեսադաշտին: Ահա թէ ինչու Դպրեվանքիս տեսչութիւնը ձեռնամուխ եղաւ անոնց նուիրուած Օրացոյցի մը հրատարակութեանը, եւ զայն դիտարկել տուաւ որպէս առաջին փորձ հետագայ աւելի ներհուն եւ ամբողջական անդրադարձներու:
Առիթը օգտագործելով մէջը ներառեցինք հակիրճ վարքագրութիւնը յիշատակուած միաբաններուն:
Միաբանութեանս անդաստանին մէջ արմատ արձակեցին եւ կաղնիացան՝ Մալոյեան Արքեպիսկոպոսը, Խաչատուրեան Եպիսկոպոսը, Հոլոզեան Գերյարգելին, Ֆարճոյեան, Յարութիւն եւ Ստեփան Լաչինեան, Պայեան, Խորխոռունի, Շահնամեան, Պաղտասարեան, Սապպաղեան, Թաթմանեան, Փոլատեան, Տէր Աստուածատուրեան եւ Մատոյեան Վարդապետները՝ եւ իրենց սխրագործական տարերքէն ակունքուած են Միաբանութեանս մատղաշ ժառանգաւորներն ու նորընծաները:
Միաբան Հայրերը բարօր եւ անկախ Հայրենիքի մը տեսլականով տոգորուած էին, երբ իրենց սրտերուն մէջ խրուած գտան Մեծ Եղեռնի մահաբեր սուրը:
Յիշատակն Արդարոց Օրհնեալ Եղիցի







All the contents on this site are copyrighted ©.