2014-12-30 08:39:36

2014 տարեշրջանին 6 միլիոն հաւատացեալներ մասնակցած են Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նախագահած հրապարակային հանդիպումներուն եւ արարողութիւններուն։


(Ռ.Վ. 30 դեկտեմբեր 2014) Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան հրատարակած տուեալներու համաձայն 2014 տարուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած հրապարակային հանդիպումներուն, յատուկ ունկնդրութիւններուն, ծիսական արարողութիւններուն եւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են 5.916,800 հաւատացեալներ։
2014-ի` 43 չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն մասնակցած են 1.119,000 անձ։ Յատուկ ունկնդրութիւններուն` 567.100 հոգի, իսկ ծիսական արարողութիւններուն 1.110,700 հաւատացեալ եւ Մարեմեան աղօթքներուն` 3.040,000 ուխտաւոր։
Հրապարակային ունկնդրութիւններու մասնակիցներուն ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է Ապրիլ ամսուայ ընթացքին, 205 հազար ներկաներով։ Նոյն ամսուայ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցողներու թիւը եւս նկատուած է տարւոյն ամենաբարձր թիւը` 730 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, մինչ Մարեմեան աղօթքներուն ներկայ գտնուող հաւատացեալներու թիւին առաջնութիւնը վերապահուած է Յունուար ամսուայ 600 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Իսկ ինչ կը հայի յատուկ ունկնդրութիւններուն` ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է Յունիս ամսուայ ընթացքին 208,500 ներկաներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.