2014-12-29 15:07:38

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Թէզէյի համամիութենական հասարակութեան երիտասարդներուն հաւաքին առթիւ


(Ռ.Վ. 29 դեկտեմբեր 2014) 29 դեկտեմբերէն 2 յունուար 2015, Փրակայի մէջ տեղի ունեցող ԹԷզէյի հասարակութեան երիտասարդներու տարեվերջի հաւաքին առթիւ, Վատիկանի Պետ քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը , յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, հաւաքի մասնակիցներու ուղղեց պատգամ մը որուն մէջ ըսաւ։

Սիրելի երիտասարդներ
Դուք, որ ժամանած էք Եւրոպայի զանազան երկիրներէն եւ աշխարհի այլ ցամաքամասերէ, ու հոս միատեղ հաւաքուած էք, ջանացէք, 2015 տարեշրջանին, ըլլալ աղը երկրին՝ աղօթքով եւ փոխադարձ երկխօսութեամբ։
Ձեզ սրտանց կը քաջալերեմ այս ուղղութեամբ, որովհետեւ ասոր մէջ պիտի գտնէք՝ ձեր վրայ դրուած Քրիստոսի վստահութիւնը։
Չյուսալքուիք ձեր ունեցած սահմանափակ կարողութիւններուն համար ու ձեր աղքատ վիճակէն։ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, որ կը բնակի ձեր մէջ, Քրիստոս ձեզի կու տայ պարգեւը՝ ըլլալու աղը երկրին։
Անոր դիմեցէք ընկալելու համար ինչ որ Ան ձեզմէ կը խնդրէ։ Ան՝ կու գայ աշխարհին պարգեւելու համար ճշմարիտ համը՝ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան գեղեցկութեան յայտնաբերումի միջոցաւ ինչպէս նաեւ եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ հաղորդութեան միջոցաւ։
Կարդինալը ակնարկելով Չէխ հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակի նշումին ՝ երիտասարդներուն ըսաւ. ''Մի մոռնաք ձեր աղօթքներուն մէջ յիշել մարտիրոսները եւ բոլոր անոնք որոնք դաւանեցին իրենց հաւատքը , բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները որոնք անձնուիրումով ու յաճախ տառապանքի գինով, թոյլ տուին որ իրենց երկիրը գտնէ ազատութեան ուղին։
Դուք ալ կանչուած էք բանալու ազատութեան ուղիները անձնուիրումով՝ եւ Նազարէթի
Տիրամօր ունեցած պատրաստակամութեամբ՝ երբ Ան ընդունեց իր մէջ Աստուծոյ Որդիին ծնունդը։
Ֆրանչիկսոս Պապը կը վստահի ձեր երեւակայութեան եւ ստեղծագործ կարողութեան վրայ, որպէսզի Աւետարանի ուրախութիւնը հռչակուի ձեր զանազան երկիրներուն մէջ։
Այնպէս ինչպէս կ՛ըսէր Ֆրանչիսկոս Պապը Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Կ.Պոլսոյ Պատրիարքին ուղղած խօսին մէջ` ''երիտասարդներն են որոնք այսօր մեզմէ կը խնդրեն դիմել նոր քայլերու լիակատար հաղորդութեան համար''։
Պատգամի աւարտին, Կարիդնալ Փարոլինը բոլորին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական օրհնութիւնը ՝ ըլլայ հանդիպումի մասնակցող երիտասարդներուն, ըլլայ ԹԷզէի հասարակութեան, ըլլայ բոլոր այն հովիւներուն եւ մարդոց որոնք Փրակայի մէջ կը հիւրընկալեն երիտասարդները։







All the contents on this site are copyrighted ©.