2014-12-29 11:42:08

Ս. Աթոռը եւ ֆրանսան մասնակից բնապահպանութեան հարցին շուրջ։


(Ռ.Վ. 29 դեկտեմբեր 2014) ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահի յատուկ պատուիրակը Նիքոլա Հիւլօ կրկին այցելութիւն կատարած է Վատիկան ու հանդիպումներ ունեցած է Ս. Աթոռի աւագ պատասխանատուներուն հետ, անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելու բնապահպանութեան հրատապ հարցին։ Ան յոյս յայտնած է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ֆրանսա կատարելիք ճամբորդութեան ընթացքին (2015) այցելէ ''Mont-Saint-Michel''ը, ի պատրաստութիւն 2016-ի Փարիզի բնապահպանութեան վեհաժողովին։
Ան մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին ըսած է ''Հռոմ եկայ խնդրելու Սրբազան Քահանայապետէն ֆրանսայ կատարելիք ճամբորդութեան ընթացքին այցելել համաշխարհային ճանաչում ունեցող` ''Mont-Saint-Michel'' ը որպէս հաշտութեան վայրը մարդու ու բնութեան միջեւ։
Ան դիտել տուաւ որ Քահանայապետը արդէն էականը ըսած է բնապաշտպանութեան ի խնդիր. սակայն անոր ներկայութիւնը ''Mont-Saint-Michel''ի մէջ խթան մը կը հանդիսանայ բոլոր այն երկիրներուն որոնք սեփական շահերէ մղուած կը տատամսին բնութեան դատը պաշտպանել։
ֆրանսայի հանրապետութեան պատուիրակը իր խնդակցութիւնը յայտնած է ի տես Վատիկանի տեղաշարժին բնապահպանութեան ի սպաս։ Ան կը մատնանշած է որ յառաջիկայ գարնան լոյս պիտի տեսնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին շրջաբերական թուղթը բնապաշտպանութեան մասին յայտնելով թէ ''Ի զուր չէ որ Քահանայապետը Սդրազպուրկ կատարած այցելութեան` Եւրոպայի խորհրդարանին (24 Նոյեմբեր 2014), ֆրանսայի նախագահը որպէս պատուիրակ ուղարկեց բնապահպանութեան նախարարը` տիկին Սէկոլէն Րուայալը, զինք ընդունելու։ Արդարեւ բարի գալուստի արարողութեան` երկուքը վերակոչեցին բնապահպանութեան հրատապ հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.