2014-12-29 09:34:31

Հալէպի Հայ երեք համայնքապետները այցելեցին Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. եւ Ն.Ս.Յովհաննէս Եազճի Պատրիարքներուն


Ուրբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2014-ին, Հալէպի հայ երեք համայնքապետեր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանը, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը առանձին այցելութիւններ տուին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին եւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ՝ Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Եազճի Պատրիարքին: Այս մասին կը հաղորդէ “Բերիոն նիւզ”-ը:

Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը եւ Յովհաննէս Եազճի Պատրիարքները յատուկ այցելութեամբ մը կը գտնուէին Հալէպ:

Նշենք թէ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, հոգեւոր հայրերը քննարկեցին ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այլ նիւթեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.