2014-12-29 15:58:30

Եկեղեցական գիտելիքներ
7-րդ Շաբաթ Յիսնակաց (28 Դեկտեմբեր 2014-էն 4 Յունուար 2015)


Յիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է. Յիսուս առակ մը կը պատմէ, որուն մէջ իշխանութեան տէր անձ մը իր ծառաներուն մէկական ոսկի կը յանձնէ որպէսզի իր բացակայութեան զայն շահագործեն. Եւ վերադարձին` հաշիւ կը պահանջէ իրենցմէ. Ի՞նչ ըրիք այդ մէկ ոսկին։
Մինչ անոնցմէ մին կը հաստատէ թէ մէկը տասը բերաւ եւ ուրիշ մը թէ մէկը հինգ բերաւ, երրորդ մը կու գայ եւ ոսկին զոր ծրարած էր թաշկինակի մը մէջ` կը յանձնէ ինչպէս որ էր, առանց զայն օգտագործած ըլլալու։
Ոսկին որ կը յանձնուի մեզմէ ամէն մէկուն` Աստուծոյ տուած տաղանդներն ու ձիրքերն են. Տէրը մեզի յանձնած է զանոնք որպէսզի օգտագործենք մեր շուրջիններու օգտին եւ Աստուծոյ փառքին համար։ Անոր համար մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի։ Տարուան վերջին օրերուն` ժամանակն է ուր պիտի կատարենք հաշուեկշիռը մէկ տարուայ մեր կեանքին, իրազեկ ըլլալու համար թէ որքանով օգտագործած ենք մեր մէջ դրուած զանազան տաղանդները։
Երկուշաբթի 29 Դեկտեմբերին, տօնն է երկու առաքեալներու, երկու եղբայրներ, Յակոբ եւ Յովհաննէս, զոր միւս առաքեալները կը կոչեն Որոտման որդիներ, հաւանաբար որովհետեւ քիչ մը բուռն նկարագիր ունէին եւ անմիջապէս կ՛ուզէին հակազդել Քրիստոսի հանդէպ գործուած անզիջողութեան, կայծակներ տեղացնելով քաղաքին վրան, որմէ կ՛անցնէին։ Ըստ աւանդութեան, Յակոբ եղաւ առաջին նահատակներէն մին քրիստոնէութեան, իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։
Չորեքշաբթի 31 Դեկտեմբերին` տօնն է Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի Պապին, որ Կոստանդիանոս Ա. Կայսեր օրով կը պաշտօնավարէր. Ան բախտը ունեցաւ ազատ քրիստնեայ աշխարհի մը վրայ հայրապետ դառնալու եւ կայսեր հովանաւորութիւնը վայելելու։ Ըստ աւանդութեան` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ հայոց թագաւորը Հռոմ կու գան հանդիպելու Կոստանդին կայսեր եւ Սրբազան քահանայապետին։
31 դեկտեմբերը 2014 տարւոյն վերջին օրն է…մաղթենք որ նոր տարին՝ 2015-ը, ըլլայ բարեբեր տարի մը բոլորին համար, խաղաղութիւնը տիրէ ամէն տեղ նաեւ մեր բոլորին սրտերուն մէջ, յոյսով ու Աստուծոյ վստահելով դիմաւորենք Նոր Տարին։
Հինգշաբթի 1 Յունուար 2015-ին` Կաղանդ է, որ կը նշանակէ տարուան առաջին օրը։ Քրիստոնեաները այդ օր կը տօնեն Յիսուսի տնօրէնութեան, կամ անուանակոչութեան տօնը։ Ըստ օրինի, իր ծննդենէն 8 օր վերջ` ան թլփատուեցաւ եւ Յիսուս անունով կոչուեցաւ, ինչպէս որ որոշած էր Գաբրիէլ հրեշտակը նախապէս։
Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։
Շաբաթ 3 Յունուարին` կը տօնենք դարձեալ Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Բարսեղ եւ Գրիգոր Նիւսացի, զոր անցեալ շաբթու մէջ տօնած էինք արդէն. Այս կրկնութիւնները կը պատահին տօնացոյցերու փոփոխութեան պատճառաւ, ուստի զարմանալու չէ եթէ յանկարծ միեւնոյն շաբթուան մէջ նոյն սուրբերը տօնուին։
Նոյն օրը կը տօնենք Սուրբ Եփրեմ Ասորի Վարդապետը, զոր մեր Հայրերը կ՛անուանեն Խուրի։ Գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է ասորական ծէսին եւ եկեղեցական երգերուն ու մեղեդիներուն. Կատարած է նաեւ բազմաթիւ մեկնութիւններ Սուրբ Գրքէն, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայերէնի թարգմանուած են. Ծնած է Ամիդ եւ մկրտուած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացիէն, որ հետագային զինք նաեւ քահանայ ձեռնադրած է։ Վախճանած է Եդեսիոյ մէջ, 378-ին։ Հայերու մօտ շատ ժողովրդական սուրբ մը եղած է մասնաւորապէս իր աղօթագրքովը։
Կիրակի 4 Յունուարը` Յիսնակաց 8-րդ կիրակին է։







All the contents on this site are copyrighted ©.