2014-12-28 11:47:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Յիսուսեան Հայր Ժուզէփփէ Փիթթաուի մահուան ի լուր։


(Ռ.Վ. 28 դեկտեմբեր 2014) Շաբաթ, 27 դեկտեմբերին, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` գերապայծառ Ժուզէփփէ Փիթթաուի մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Փաքոնիին հեռագիր մը յղեց , որուն մէջ յայտնեց իր խորին ցաւակցութիւնը, Յիսուսեան միաբանութեան բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ ողբան վերոյիշեալ կրօնաւորին մահը, որ իր կեանքը ապրած է, Աւետարանը հռչակելով ։
Հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը, թուելով հանգուցեալ կրօնաւորին՝ Ճաբոնի մէջ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ տածած առաքելական ծառայութիւնները, Հանգուցեալին հոգին յանձնած է Տիրամօր մայրական բարեխօսութեան եւ Քրիստոսի Յարութեան ճրագին՝, իր մխիթարական առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին։







All the contents on this site are copyrighted ©.