2014-12-28 11:38:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը բազմանդամ ընտանիքներուն։


(Ռ.Վ. 28 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 28 դեկտեմբեր 2014ին, Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած ծիսական տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց, բազմանդամ ընտանիքներու ընկերակցութեան 7 հազար անդամներուն, ընկերակցութեան հիմնարկութեան տասներորդ տարեդարձին առթիւ։ Հանդիպումը կազմակերպուած էր Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։
Այս առթիւ իր արտասանած ճառին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կեդրոնացաւ օրուան Աւետարանին որ կը խօսի Սուրբ Ընտանիքի` Մարիամ, Յովսէփ եւ Յիսուսին` Սիմէոն եւ Աննա ծերունիներու հետ ունեցած հանդիպումի մասին, ու այս վերջիններուս կատարած մարգարէութեան մասին։ Այս հանդիպումը կը պատկերացնէ ''ծաւալուն'' ընտանիքի նկարը, զանազան սերունդներ որոնք իրար կը հանդիպին – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - շնորհակալութիւն յայտնելով Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահին, կազմակերպած այս ձեռնակին համար։
Դուք հոս եկաք ձեր սիրոյն ամենագեղեցիկ պտուղներուն հետ, Մայրութիւնն ու Հայրութիւնը Աստուծոյ պարգեւներ են, սակայն այս պարգեւը ընկալելը, հիանալ անոր գեղեցկութեամբ ու զայն ընկերութեան մէջ ցոլացնել, ձեր պարտականութիւնն է։ Ձեր զաւակներէն ամէն մին առանձնայատուկ էակ մըն է որուն կրկնութիւնը չի կայ մարդկութեան պատմութեան մէջ։
Աշխարհի մը մէջ որ յատկանշուած է եսասիրութեամբ, բազմանդամ ընտանիքը` դպրոց մըն է զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան, վերաբերմունք մը որ կը նպաստէ համայն ընկերութեան բարիքին։
Դուք մանուկներ ու պատանիներ պտուղներն էք այն ծառին որ է ընտանիքը, ու բարի պտուղներ էք երբ այդ ծառը ունի լաւ արմատներ ` որ մեծ հայրեր ու մեծ մայրիկներն են, եւ ունի լաւ կոճղ մը` որ ձեր ծնողներն են։ Մարդկային ընտանիքը հսկայական անտար մըն է ուր բարի ծառերը կը բերեն զօրակցութիւն, հաղորդութիւն, վստահութիւն, նեցուկ, ապահովութիւն եւ ուրախ զգաստութիւն։ Բազմանդամ ընտանիքներու ներկայութիւնը ընկերութեան համար յոյս մըն են։ Ասոր համար մեծ պապիկներու եւ մեծ մամիկներու ներկայութիւնը կարեւոր է։ Անոնք կը պահպանեն ժողովուրդի մը եւ ընտանիքի մը արժէքները ու կ՛օգնեն ծնողաց այս արժէքները փոխանցելու իրենց զաւակներուն։
''Սիրելի ծնողներ շնորհակալ եմ ձեր տուած կեանքի սիրոյն օրինակին համար'' –ըսաւ ապա Քահանայապետը քննադատելով պետական իշխանութիւնները որ օգնութեան չեն հասնիր անոնց ու մատնանշելով Իտալիոյ սահմանադրութեան 31 յօդուածին հայող բազմանդամ ընտանիքներուն ու ապա մաղթանք յայտնեց որ քաղաքականութիւնն ու հասարակական գործիչները աւելի ուշադրութիւն դարձնեն եւ թիկունք կանգնին ընտանիքին։
Սրբազան Հայրը ապա մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը ''ընտանիքները պէտք է աճին ընտանիքի քաղաքականութեան դերակատարներ ըլլալու գիտակցութեամբ, յանձն առնելով ընկերութիւնը փոխակերպելու պատասխանատուութիւնը, ապա թէ ոչ ընտանիները թիրախ կը դառնան այն չարիքներուն որոնց նայեցան անտարբերութեամբ։ Սրբազան Հայրը ապա աւելցուց թէ ընկերակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու յանձնառումը կը կայանայ ընկերութեան եւ Պետութեան օրէնքներուն մէջ ներմուծելու` ընտանիքի արժէքներն ու անոր կարիքները։
Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը բոլոր ներկաներուն յայտնեց իր մօտիկութիւնը աղօթքի միջոցաւ զանոնք յանձնելով Սուրբ Ընտանիքի հովանիին։
''Յատկապէս կ՛աղօթեմ տնտեսական տագնապէն տառապող ընտանիքներուն համար, այն հայրերուն կամ մայրերուն որոնք իրենց գործը կորսնցուցին, այն երիտասարդներուն որոնք գործազուրկ են. Այն ընտանիքներուն որոնք կ՛ապրին առանձնութեան եւ բաժանումի մէջ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի տօնական օրեր ու անոնց շնորհելով իր հայրական օրհնութիւնը։.








All the contents on this site are copyrighted ©.