2014-12-28 09:58:30

Քրիստոնեաները զոհ են ոչ միայն հալածանքի այլ եւ անաստուածութեան ու աշխարհականացումի։


(Ռ.Վ. 28 դեկտեմբեր 2014) ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' եկեղեցական շարժումի գնահատումով քրիստոնեաները ամենէն աւելի թիրախ են հալածանքի Ասիայի, Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի մէջ, Մասնաւորապէս այն երկիրներուն մէջ ուր անոնք փոքրամասնութիւն են։
Օրինակ առնելով Միջին Արեւելքը` քրիստոնեաները հալածուած են ոչ միայն ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ, ինչպէս է պարագան այսպէս կոչուած ''իսլամ պետութեան'', այլ նաեւ միւս մահմետական երկիրներէն որոնք բոլոր բնակիչներուն կը պարտադրեն իսլամական օրէնքը` Շարիան, Քուրանը եւ այլ օրէնքներ` ինչպէս Փաքիստանի հակա-հայհոյանքի օրէնքը։ Այս երեւոյթը ոչ միայն կը գտնենք մահմետական երկիրներու մէջ այլ նաեւ այն երկիրներու մէջ ուր մեծամասնութիւնը ինտու կամ պուտտայական կրօնի կը պատկանին։
Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն եկեղեցական շարժումը իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ նաեւ կը մատնանշէ Ազրպէյճանը, Իւզպէքիստանը ու կեդրոնական Ասիայի կարգ մը երկիրները ուր քրիստոնեաները մասնաւորաբար հսկողութեան տակ կը գտնուին։
Էրիդերիայի մէջ 2-3 հազար քրիստոնեաներ կրօնական պատճառներով կալանուած են եւ պէսպէս չարչարանքի կ’ենթարկուին իսլամ դառնալու համար։
Տեղեկագիրին մէջ կը խօսուի յարձակողական աստուածամերժումի ու ազատական աշխարհականացումի մասին։ Այս երեւոյթը կը նշմարուի Եւրոպայի մէջ ուր յաճախ պայքար կը մղուի` պետական սրահներու ու դպրոցներու մէջ խաչի ներկայութեան դէմ, ինչպէս նաեւ խիղճի ազատութեան դէմ։ Ընդհանրապէս Արեւմուտքի մամուլը բնաւ կամ քիչ անգամ կը խօսի այդ հալածանքին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.