2014-12-27 09:31:07

Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ Սուրբ Ծնունդը Քահանայապետին այցի սպասումով։


(Ռ.Վ. 27 դեկտեմբեր 2014) Ֆիլիփինեան կղզեխումբը այս տարուայ Յիսուսի ս. Ծնունդը ապրեցաւ յոյսով եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հովուական այցելութեան սպասումով յառաջիկայ 16-19 Յունուար 2015 որուն նշանաբանն է “Ողորմութիւն ու կարեկցութիւն”։
Կղզեխումբի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, անոնք Ծնունդը ապրեցան յոյսով ու Սրբազան Քահանայապետին սպասումով։ Սալեզեան հայր Սեպասթիանօ Տ՛Ամպրա, 30 տարիէ իր առաքելութիւնը կը վարէ Զամպոանկա քաղաքին մէջ ուր յատկապէս կ՛աշխատի զարգացնել իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը։ Այս տարի Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակիչները յոյսով ապրեցան Ծնունդը հակառակ բնական աղէտներու եւ պատերազմին։
Բնակիչները շատ բան կ’ակնկալեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութենէն։ Մամուլը եւս գրեթէ ամէն օր կ՛անդրադառնայ Քահանայապետի առաքելական այցելութեան մասին։
Նոյնիսկ մահմետականները ուրախութեամբ կ՛արտայայտուին այդ ճամբորդութեան մասին։ Մանիլայի առաջնորդը կարդինալ Թակլէ խօսելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան մասին որակեց զայն որպէս հոգեւոր բարենորոգումի այցելութիւն։ Տեղական եկեղեցին կը յուսայ որ Քահանայապետը իր ներկայութեամբ կը կարողանայ բարեփոխել քրիստոնեայ հասարակութեան մօտեցումը հանդէպ աղքատին ու ոգեւորել անոր յանձնառումը լրջութեամբ աշխատելու երկրի խաղաղութեան ու բարգաւաճումին ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.