2014-12-26 13:55:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն հեռաձայնը Իրաքի Անքաուայի մէջ ապաստանած գաղթականներուն։


(Ռ.Վ. 26 դեկտեմբեր 2014) Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին` 24 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Իտալացի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատկանող` "TV 2000", Հեռուստակայանի միջոցաւ, հեռաձայնային կապ հաստատեց Իրաքի Էրպիլ քաղաքի մօտ գտնուող Անքաուա շրջանին մէջ ապաստան գտած իրաքցի գաղթականներուն հետ, անոնց յայտնելով իր մօտիկութիւնը Աստուածորդւոյն Ծննդեան տօնին առթիւ։
Ձեզ բոլորդ կ՛ողջագուրեմ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ու բոլորիդ կը մաղթեմ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ որովհետեւ դուք կը նմանիք Յիսուսին, որ իր ծննդեան գիշերը, տեղ չի կար Անոր համար, եւ վտարուեցաւ եւ ստիպուած եղաւ փախչիլ Եգիպտոս։ Սրբազան Հայրը ապա անոնց վստահեցուց իր մօտիկութեան անկեղծ զգացումները եւ մինչ կը խօսէր հեռաձայնի գիծը անջատուեցաւ, այնուհետեւ, միշտ ''TV 2000" Հեռուստակայանի միջոցաւ, Սրբազան Հայրը պատգամ մը արձանագրեց գաղթականներուն` որուն մէջ անդրադարձաւ մանուկներու եւ տարեցներու տառապանքին ու հայցեց որ Մանուկ Յիսուսը, ''որ մեր մէջ կը գտնուի, մեզի պարգեւէ շնորհքը զինք ընդունելու անհուն սիրով''։
Պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին, ու յատկապէս մանուկներուն եւ տարեցներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.