2014-12-26 14:03:28

Հաշտութեան նիւթին մասին, Թէզէի համամիութեան հասարակութեան տարեվերջի աւանդական հաւաքը Փրակայի մէջ։


(Ռ.Վ. 26 դեկտեմբեր 2014) Թէզէի համամիութեան հասարակութեան տարեվերջի աւանդական այս տարուայ հաւաքը տեղի կ'ունենայ Փրակայի մէջ` 29 Դեկտեմբերէն - 2 Յունուար 2015, որպէս խորհրդածութեան նիւթ ունենալով հաշտութիւնը ընդմէջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի` Պերլինի պատի փլուզումի 25-րդ տարեդարձին առթիւ։
Թէզէյի հասարակութեան տեղեկատուութեան համաձայն հաւաքին կը մասնակցին օրթոտոքս, կաթողիկէ եւ բողոքական աւելի քան 30 հազար երիտասարդներ որոնց մեծագոյն թիւը կու գայ Լեհաստանէն, Ուկրանիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, ֆրանսայէն, Խրուաթիայէն ու Պելա Ռուսիայէն։
Ցայժմ արձանագրուած երիտասարդները կու գան 65 երկիրներէն։
Այս հանդիպումը պիտի հանդիսանայ վստահութեան նոր հանգրուան մը, որ սկիզբ առաւ Թեզէի հիմնադիր` եղբայր Ռոժէի նախաձեռնութեամբ 1970-ին։
Հաւաքին կը մասնակցին զանազան երկիրներու եպիսկոպոսներն ու հովիւները։ Անոնց առիթ պիտի տրուի իրենց խօսքը ուղղելու երիտասարդներուն։ Նոյնպէս կ՛ակնկալուի բարեկամութեան պատգամներ ուղղուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն, արեւելքի պատրիարքներէն ու բողոքական հասարակութիւններու հովուապետերէն։
Նշենք որ Թեզէն համամիութենական ու միջազգային հասարակութիւն մըն է, որուն կը յարին հազարաւոր հաւատացեալներ։ Անոր կեդրոնը կը գտնուի Ֆրանսայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.