2014-12-26 11:26:10

Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլ Ա-ի Սուրբ Ծննդեան մաղթանքները։


(Ռ.Վ. 26 դեկտեմբեր 2014) Քիրիլ Ա` համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Հովուապետերուն որոնց շարքին նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, եւ Քանթերպուրրիի առաջնորդին։
Իր բարեմաղթական նամակին մէջ Պատրիարքը կը յայտնէ իր սրտագին շնորհաւորութիւնները Տիրոջ լուսաւոր տօնին առթիւ, ապա մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը եւ Ղուկաս աւետարանիչէն ''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ մարդից խաղաղութիւն…'' խօսքերը Պատրիարքը մը մաղթէ անոնց ազնուական առաքելութեան համար` հոգիի զօրութիւն եւ Ակնաղբիւրէն օգնութիւն, եւ շնորհներու մշտատեւ զեղում։








All the contents on this site are copyrighted ©.