2014-12-24 11:24:31

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին Քորէային ուղղած Սուրբ Ծննդեան մաղթանքները։


(Ռ.Վ. 24 դեկտեմբեր 2014) Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր բարի մաղթանքները ուղղեց Քորէացի ժողովուրդին վերյիշելով անցեալ օգոստոսին Երկրին տուած այցելութիւնը։
Սիրեցեալ Քորէացի եղբայրներ եւ քոյրեր, գրեց Նորին Սրբութիւնը, մեծ հաճոյքով ձեզի կ՛ուղղեմ Սուրբ Ծննդեան մաղթանքներս, ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ վերյիշելով անցեալ օգոստոսին ձեր Երկիրը կատարած ճամբորդութիւնս, որուն յիշատակները թարմ են իմ մտքիս մէջ։
Կ՛աղօթեմ Տէրը որպէսզի Բեթղեհէմի Մանուկէն աշխարհի վրայ ճառագայթող լոյսը, մնայ միշտ ձեր սրտերուն, ձեր ընտանիքներուն եւ ձեր հասարակութիւններուն մէջ։
Ծնունդին Յիսուս անգամ մը եւս մեզ իրեն կը հրաւիրէ իր Աստուածային բարութեամբ։ Յիսուս բարի է, ամենաբարին է…միայն Անոր ներկայութիւնը կրնայ մարդուն պարգեւել իսկական երջանկութիւնը, առանց Անոր չկայ երջանկութիւն որովհետեւ միայն Ինքն է որ կարող է կեանքը միշտ վերանորոգել ու զայն գեղեցկացնել։
Սրբազան Հայրը պատգամը աւարտեց խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար եւ սրտանց մաղթելով` շնորհաւոր Սուրբ եւ անդորր Ծնունդ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.