2014-12-24 11:04:45

Կազայի քրիստոնեաներուն 700 արտօնագիր տրուեցաւ ս. Ծննդեան արարողութիւններուն մասնակցելու համար։


(Ռ.Վ. 24 դեկտեմբեր 2014) Իսրայէլեան իշխանութիւնները 700 արտօնագիր շնորհած են Կազայի քրիստոնեաներուն, թոյլատրելու անոնց մասնակցութիւնը Բեթղեհէմի ծննդեան արարողութիւններուն, մինչ անդրյորդանանին` շնորհուեցաւ աւելի քան 25 հազար արտօնագրեր, հաղորդած է գերապայծառ Ուլիամ Շոմալի Երուսաղէմի Լատիններու օգնական եպիսկոպոսը ու Լատին պատրիարքութեան փոխանորդը Պաղեստինի մէջ։
Արտօնագրերու թիւին յաւելումը` ըսաւ գերապայծառ Շոմալի, պտուղն է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ս. Երկիր այցելութեան։ Ան դիտել տուաւ թէ բազմաթիւ են այն քրիստոնեաները որոնք տարիներէ ի վեր զրկուած են իրենց սիրելիներուն ու պարագաներուն տեսութենէն, իսրայէլեան պատի բաժանումի հետեւանքով։
Բեթղեհէմը` մայրաքաղաքը քրիստոնէութեան, այս տարի լոյսերով կը պսպղայ եւ ուխտաւորները բազմաթիւ են։ Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնակատարութեան առանցքը կը հանդիսանայ 24 դեկտեմբերի ճրագալոյցի ս. պատարագը, որ կը մատուցէ գերերջանիկ Թուալը` Երուսաղէմի Լատիններու պատրիարքը, Ծննդեան պազիլիքային մէջ, ներկայութեամբ դիւանագիտական մարմնին, Պաղեստինի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ու բազմաթիւ հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.