2014-12-23 13:20:16

Լիպերիոյ նախագահը ընդունեց Կարդինալ Թուրքսոնը, ողջունելով Վատիկանի բարոյական նեցուկը։


(Ռ.Վ. 23 դեկտեմբեր 2014) Լիպերիոյ նախագահ` տիկին Էլլէն Ժոնսոն Սիրլիֆ, 18 Դեկտեմբեր 2014-ին ընդունելով կարդինալ Թուրքսոնը` նախագահը արդարութիւն ու խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, ըսաւ ''բարեկամութիւնը ցուցաբերելու լաւագոյն ձեւը, դժուար պահերուն ընթացքին ներկայ գտնուիլն է''։ Յայտնենք թէ Կարդինալ Թուրքսոն եւ իր պատուիրակութիւնը շրջապտոյտ մը կատարեցին` յաջորդաբար այցելելով Սիեռա Լեոնէ, Լիպերեա եւ ապա Ղանան։ Այցելութեան նպատակն էր հաղորդել ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հոգատարութիւնը բոլոր անոնց հանդէպ որոնք զոհ են Իպոլայ ժահրին եւ քաջալերելու բոլոր անոնք որոնք կ՛աշխատին անոնց խնամակալութեամբ։
Կարդինալ Թուրքսոն նախագահին ապահովացուց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի հիւանդութեան յեղաշրջումին եւ տեղեկացուց որ Վատիկանը որդեգրած է դրական յայտագիր մը յետ Իպոլա հիւանդութեան։ Անիկա կը ներփակէ հինգ կէտեր. Դաստիարակութիւն, որբերու խնամատարութիւն, առողջապահութեան հայող օգնութիւն, հոգէ-ընկերային ու ծխական սատար հայող յուղարկաւորութեան ու թաղման։








All the contents on this site are copyrighted ©.