2014-12-23 13:25:05

Երեւանի դպրոցներու աշակերտները հիւրընկալուած են ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ


ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ այսօր հիւրընկալուած են Երեւանի դպրոցներու շուրջ 300 աշակերտներ, որոնք ուսումնական տարուան ընթացքին ուշադրութիւն գրաւած են բարձր յառաջադիմութեամբ: Առիթը` արդէն աւանդոյթ դարձած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն երեխաներուն համար իրականացուող տարեվերջեան տօնախմբութիւնն էր: Երեխաները դիմաւորած են հեքիաթներու հերոսները, Կաղանդ պապան եւ Ձիւնանուշը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Հանդիսաւոր կերպով վառած են Նախագահի նստավայրի տօնածառի լոյսերը եւ դպրոցականները շատ արագ սկսած են նախագահական նստավայրը դարձնել տօնական խաղահրապարակի:
Դպրոցականներէն շատերը Կաղանդ պապայէն խնդրած էին բջիջային հեռախօս, իսկ բոլորի ցանկութիւնը եղած է խաղաղութիւն եւ առողջութիւն:
Տօնածառի մօտ հաւաքուած բոլոր դպրոցականները ստացած են ամանորեայ նուէրներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.