(Ռ.Վ. 22 դեկտեմբեր 2014) Վատիկանի մէջ կայանալիք Ճրագալոյցի ս Ծննդեան
պատարագին, պիտի մասնակցի Փիդսպուրկի նուագախումբը կատարելով Մոցարդի ''in Do minore''
պատարագը։ Սրբազան արարողութեան ընթացքին, զոր պիտի գլխաւորէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
ժամը 21.30-ին ս. Պետրոս տաճարին մէջ, պիտի գործադրուի ''Et Incarnatus est - մարդացաւ''
Մոցարի in Do minore պատարագը, գործադրութեամբ Փիդսպուրկի նուագախումբին, ղեկավարութեամբ
աւստրիացի` Manfred Honeck ղեկավարին։ Մեներգութիւնը պիտի կատարէ է հրէական ծագումով
Chen Reiss-ը իր զիլ ձայնով։ Յայտնենք որ Մոցարդը in Do minore պատարագը նօթագրեց
շուրջ 1781 եւ 1782 թուականներուն Վիեննայի մէջ, որպէս ուխտ` ապագայ կնոջ հիւանդ ''Constanze''-ի
բուժումին համար։ Գործը անաւարտ մնաց։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Մոցարդի այս անաւարտ
պատարագը որակած է որպէս ‘’անգերազանցելի’’ եւ ուղիղ Աստուծոյ տանող երաժշտական ստեղծագործութիւն։