2014-12-22 09:38:47

Եկեղեցական գիտելիքներ
Զ. Շաբաթ Յիսնակաց (21-28 Դեկտեմբեր 2014)


Յիսնակաց Զ. շաբաթը խոնարհութեան շաբաթն է որով Յիսուս կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն։ Փաստ փարիսեցիին եւ մաքսաւորին պատմութիւնը, ուր յստակօրէն կ՛երեւի թէ որուն կ՛երթայ Քրիստոսի նախընտրութիւնը։
Ան աւելի կը գնահատէ մեղքերով լի մաքսաւորին խոնարհ աղօթքը քան թէ օրէնքի պաշտպան ու բծախնդիր կերպով գործադրող, ամէնուն բարի օրինակ տուող փարիսեցիին ինքնաքով եւ ամբարտաւան աղօթքը։ Նոր վարդապետութիւն մըն է Քրիստոսինը, որ իբրեւ օրինակ կը դնէ մեր առջեւ ընկերութենէն արհամարհուած` բայց Տիրոջմէ սիրուած ու գնահատուած անձեր, իրենց պարզ ու խոնարհ ընթացքին համար։
Երկուշաբթի 22 Դեկտեմբերին տօնն է Սրբոց Աբրահամի եւ Խորենի, ինչպէս նաեւ՝ Կոզմաս եւ Դամիանոս ՜՜անարծաթ՝՝ բժիշկներուն։
՜՜Անարծաթ բժիշկները՝՝ երկու եղբայրներ էին, որոնց մայրը՝ Թէոտիան,(որ կը նշանակէ Աստուածապարգեւ), շատ առաքինի քրիստոնեայ կին մըն էր, հակառակ այրիացեալ վիճակին, լաւագոյն կերպով դաստիարակեց իր 5 որդիները, որոնցմէ վերջին երկուքը Կոզմաս եւ Դամիանոս բժիշկներ էին. իրենց գիտութեան վրայ Աստուած աւելցուց բժշկութեան շնորհը. մայրը անոնց կը կրկնէր աւետարանի այս խօսքը ՜՜ձրի առիք, ձրի պիտի տաք՝՝։ Արդարեւ անոնք կը շրջէին քաղաքէ քաղաք կը բժշկէին կոյրերը, կաղերն ու հաշմանդամները... նաեւ կը հանէին դեւերը ու ամէն կողմ ուրախութիւն, առողջութիւն եւ խաղաղութիւն կը տարածէին։ Անոնք անարծաթ բժիկներ կոչուեցան որովհետեւ այս ամէնը առանց վարձքի կ՝ընէին ։ Ձերբակալուեցան իբրեւ քրիստոնեաներ եւ ենթարկուեցան խստագոյն չարչարանքներու, ի վերջոյ գլխատմամբ ստացան մարտիրոսութեան պսակը 285-ին, Դիոկղետիանոսի իշխանութեան առաջին տարիներուն։
Երեքշաբթի 23 Դեկտեմբերին` տօնն է Դաւիթ մարգարէին որ Հրէաստանի թագաւորն էր եւ Ս. Գրքի մէջ իր անունը ճանչցուած է որպէս յօրինող Սաղմոսներուն։ Ան նախահայրը կը սեպուի Յիսուսի, որ Բենիամինի ցեղէն եւ սերունդէն էր, ինչպէս Դաւիթ։ Յիսուս յաճախ կը կոչուի իր ժամանակակիցներէն Դաւթի Որդի։
Երկրորդ տօնն է Սուրբ Յակոբ, զոր կը կոչենք Տեառնեղբայր, այսինքն եղբայրը Յիսուսի. Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել իր հարազատ զարմիկը, որով Հին Հրէաստանի մէջ` զարմիկները զիրար եղբայր կ՛անուանէին։
Չորեքշաբթի 24 Դեկտեմբերին` Ծննդեան Ճրագալոյցն է։ Այդ օրը կը կարդացուին նախապէս Եսայիի եւ Միքիայի մարգարէութիւնները որոնք Յիսուսի Ծննդեան կը հային, որմէ ետք` տեղի կ՛ունենայ Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը
Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբերին` տօնն է ՜՜Քրիստոսի Ծննդեան՝՝ Բեթղեհէմի քարայրին մէջ։
Եկեղեցիներու մէջ սովորութիւն կայ մսուրներ շինել եւ արձանիկներով զարդարել, յիշատակելու համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը։
Արեւելեան Եկեղեցիները` Հայերը, Ասորիները եւ Ղպտիները, սովորութիւն ունին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը տօնելու 6 Յունուարին։ Այս աւանդութիւնը անշուշտ աւելի հին է քան 25 դեկտեմբերին ծնունդը տօնելու սովորութիւնը, որ յետագային ներմուծուած է Յունա/Հռովմէական իշխանութիւններու կողմէ` որոնք Դ. դարուն վերջն է միայն որ այս որոշումն առին, արեւու ծննդեան հեթանոսական ժողովրդականացած տօնը վերջնականապէս ջնջելու համար ժողովուրդի յիշատակէն, զայն փոխարինելով Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնով։

Ուրբաթ 26 Դեկտեմբերին` աշխարհի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ – իսկ Հայերու մօտ` 25-ին – կը տօնուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը. Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով Հրեաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։
Շաբաթ 27 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։ Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնէաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։
Պետրոս եւ Պօղոս նկատուած են որպէս գլխաւորները Քրիստոսի առաքեալներուն։ Անոնք եկան Հռոմ եւ երկուքն ալ նահատակուեցան սոյն քաղաքին մէջ։ Պետրոսի գերեզմանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորանին ներքեւ, իսկ Ս. Պօղոս, որ գլախատուած էր Հռոմէն դուրս, թաղուած է Սուրբ Պողօսի Պազիլիքայի խորանին ներքեւ։
Կիրակի 28 Դեկտեմբերին՝ Յիսնակաց 7-րդ կիրակին է։







All the contents on this site are copyrighted ©.