Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր»
ելեկտրոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող
կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան համագործակցութեամբ պիտի իրականացուի իւրայատուկ
ծրագիր` «100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար»: Ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստանի
100 յայտնի մարդիկ, Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի ծայրամասերուն մէջ բնակութիւն հաստատած
100 սուրիահայ երեխաներու համար «Հարիւր» խորհրդանշական թիւով ամանորեայ նուէրներ պատրաստած
են: Նշենք, որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ 18 ուքրանահայ երեխաներ, որոնք երկրին
մէջ տիրող անկայուն վիճակէն ետք տեղափոխուած են Հայաստան: «100 յայտնիները` սուրիահայ
100 երեխաներու համար» ծրագիրի գլխաւոր գործընկերը «Ջամբօ» ռեստորան-զբօսայգին է: Վերջինիս
սեփականատէր Արտեոմ Վարդանեան Դեկտեմբեր 23-ին, ժամը 14:00-ին 100 սուրիահայ երեխաները
պիտի հիւրընկալէ «Ջամբօ» ռեստորանին մէջ, ուր անոնց բազմաթիւ անակնկալներ կը սպասէ: Ծրագիրի
համերգային մասին մէջ իրենց կատարումներով հանդէս պիտի գան յայտնի երգիչ-երգչուհիներ`
Զարուհի Պապայեան, Արսէն Գրիգորեան (Մրօ), Նառան, Անգելինա Գասպարեան, Պեթին, Տալիթան
եւ այլք: Ձեռնարկին աւարտին սուրիահայ երեխաները կը ստանան իրենց ամանորեայ նուէրները: Ծրագիրի
ծիրէն ներս արդէն նուէրներ պատրաստած են աւելի քան 80 յայտնի մարդիկ: Հաշուի առնելով
հասարակութեան մեծ հետաքրքրութիւնը ծրագիրին հանդէպ եւ երեխաներու մեծ թիւը` որոշուած
է իրականացնել նաեւ երկրորդ փուլը` «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» խորագիրով, որուն ծիրէն ներս
եւս 100 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու պիտի յանձնուին ամանորեայ նուէրներ: Այս անգամ
իբրեւ նուիրատուներ ընդգրկուած են համահայկական եւ միջազգային կառոյցները, հասարակական
կազմակերպութիւններն ու հայաստանեան ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ: Երկրորդ
փուլի ամանորեայ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 24-ին «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու
կեդրոնին մէջ: Ծրագիրի մէկ փուլն ալ պիտի իրականացուի Արարատի մարզի Դարբնիկ գիւղին
մէջ բնակող սուրիահայ եւ իրաքահայ ընտանիքներու երեխաներուն համար: «100 յայտնիները`
սուրիահայ 100 երեխաներու համար», ինչպէս նաեւ «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» ծրագիրները
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հերթական նախաձեռնութիւնն է` ուղղուած Հայաստան-Սփիւռք կապերու
ամրապնդման: