2014-12-20 09:32:34

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի
հանդիպումը հայ տարեցներուն հետ։


Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հայ տարեցներուն համար ամանորեան ընկերային իւրայատուկ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ: Աւանդութիւն դարձած Ս. Ծննդեան եւ ամանորեան ընկերային հաւաքոյթը այս տարի եւս հովանաւորեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Ներկայ էին նաեւ կեդրոնի գործունէութեան օժանդակող մնայուն բարերարներ, որոնց կարգին` նախկին երեսփոխան եւ նախարար Ժաք Չուխատարեան:
Պուրճ Համուտի մէջ ապրող եւ կեդրոնի ծառայութիւններէն օգտուող տարեցները համախմբող ընկերային հաւաքոյթին բացումը կատարեց կեդրոնի պատասխանատու տոքթ. Կոստան Եափուճեան: Ան իր խօսքը սկսաւ լատինական այն ասացուածքով, որ «Մենք ծնած չենք միայն մեզի համար»: Բժիշկը շեշտը դրաւ կարօտեալին օգնելու եւ օժանդակելու կարեւորութեան վրայ: Ան նշեց, որ այս կեդրոնը իր գոյատեւումը կը շարունակէ շնորհիւ բոլոր բարերարներուն եւ ի մասնաւորի ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ մարդասիրական ու քրիստոնէական քաղաքականութեան:
Տոքթ. Եափուճեան կոչ ուղղեց ներկայ տարեցներուն, որ ըլլան գինիի նման բաղձալի եւ մաղթեց, որ անոնք օրհնաբեր ներկայութիւն մնան հայ կեանքին մէջ: Ան իր խօսքը աւարտեց լատինական այլ ասացուածքով. «Աշխատանքը աղօթք է»:
Ապա իր պատգամը ուղղեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ նշեց, թէ այն ազգը, որ պատմութիւն չունի, կոչուած է ոչնչանալու: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարի եւս կեդրոնին մէջ ներկայ կը գտնուի Ս. Ծննդեան այս հաւաքին: Հոգեւոր տէրը իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն նշեց, որ Յիսուսի խօսքը յոյս կու տայ: Ան յայտնեց, որ հոգեւոր սնունդին հիմնական տուեալները աղօթքը, Ս. Գրոց ընթերցումն ու քարոզն են: «Ամանորի սեմին կը յուսամ, որ դուք մնաք իբրեւ մեր ազգի կենդանի պատմութիւնը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ», ըսաւ հոգեւոր տէրը` իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն: Ան հաւաքոյթին բացումը կատարեց պահպանիչով:
«Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնի այս տարուան հաւաքոյթին առանձնայատկութիւնը այն էր, որ անոր ներկայ կը գտնուէին նաեւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի խումբ մը ուսուցչուհիներ, որոնք տարեցներուն համար պատրաստած էին կարկանդակներու եւ անուշեղէնի հիւրասիրութիւն, նաեւ Ս. Ծննդեան եւ ամանորեան քանի մը երգեր կատարեցին: Ցուցադրուեցաւ կեդրոնի վերանորոգման եւ անոր գործունէութեան զանազան հանգրուաններուն մասին տեսերիզ մը: Հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ Կաղանդ պապուկին ժամանումով:







All the contents on this site are copyrighted ©.