2014-12-20 09:49:35

Եգիպտոսի ծայրայեղ մահմետականները կը սպառնան քրիստոնեաներուն։


(Ռ.Վ 20 դեկտեմբեր 2014) Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին Եգիպտոսի ծայրայեղ մահմետականները համացանցի միջոցաւ ծանր սպառնալիքներ ուղղած են քրիստոնեայ հասարակութեան դէմ եւ կը թրթռեն իրենց հետեւորդները ոչ միայն չմասնակցիլ քրիստոնեաներու տօնին, այլեւ ահաբեկչական արարքներ կատարել անոնց դէմ ու ռմբակոծել անոնց եկեղեցիները։
Ի տես այս լուրջ սպառնալիքին շատ մը զարգացած ու հեղինակաւոր մահմետականներ դատապարտեցին ծայրայեղ մահմետականներու կոչը, որակելով զայն որպէս իսլամութեան հակառակ ։ Արդարեւ հեղինակաւոր մահմետականները հրապարակաւ թիկունք կը կանգնին քրիստոնեաներուն եւ հրաւիրած են քրիստոնեաներն ու մահմետականները միասնաբար պաշտպանելու եկեղեցիները, որպէսզի եգիպտացի քրիստոնեաները պատշաճօրէն ու անդորրութեամբ կարենան մասնակցիլ ծիսական արարողութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.