2014-12-19 09:36:35

Իսլամական պետութիւնը Մուսուլի ս. Գէորգ մենաստանը զնտանի վերածած է։


(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) Անցեալ Յունիսին Իսլամ պետութիւնը բռնագրաւելով Մուսուլ քաղաքը այնտեղ գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցիները բանտերու վերածած է։
Անցեալ շաբաթավերջ ահաբեկիչ ռազմիկները 150 բանտարկեալներ ս. Գէորգ մենաստանը տեղադրած են։ Տեղական աղբիւրները կը յայտնեն որ այդ բանտարկեալներու շարքին կայ խումբ մը ցեղապետեր եւ Իրաքի ապահովութեան ոյժեր որոնք հակառակ են իսլամ պետութեան։
Մենաստանին վերջին լուսապատկերները ցոյց կու տան որ գմբէթի խաչը միւս եկեղեցիներու նման վար առնուած է։
Իրաքցի օճախազուրկ քրիստոնեաները սրտի խոր ցաւով կը պատրաստուին տօնելու Յիսուսի ս. Ծնունդը իրենց տուներէն ու հողերէն հեռու։ Իսլամ պետութեան մէջ գտնուող եկեղեցիներն ու վանքերը թիրախ են սրբապղծութեան անոնց ձեռքով որոնք չունին ոչ գութ, ոչ յարգանք սրբութիւններու եւ ոչ ալ մարդկութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.